Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը այցելած է Քուէյթ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

By Asbarez | Monday, 02 March 2015

 

 

Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 27 Փետրուարէն 1 Մարտ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քուէյթ: Տեղի ունեցած են շարք մը հանդիպումներ այդ երկիրներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին տասնեակ հայ գործարարներու ներկայացուած են <<Արցախ Ռուց Ինվեսթմըն>>չի (ԱՌԻ) ծրագիրները, որոնք կը միտին Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ խթանելու գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան զարգացումը: Վարչապետը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է Արցախի մէջ <<ԱՌԻ>>ի վեցամեայ գործունէութիւնը՝ կարեւոր նկատելով անոր դրամագլուխը մեծցնելը։ Ան կատարուած ծրագիրներէն առանձնացուցած է յատկապէս գիւղատնտեսական փոքր վարկերու տրամադրումը եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ համայնքին մէջ 50 բնակարաններու կառուցումը, որ տակաւին ընթացքի մէջ է:


Ա. Յարութիւնեան յորդորած է ներդրողները՝ գործօն մասնակցութիւն ունենալու ընկերութեան ծրագիրներուն մէջ, որոնք կ՛իրականացուին <<Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ>>ի եւ <<Արցախի ներդրումային հիմնադրամ>>ի միջոցով: Ապագայ համագործակցութեան վերաբերեալ ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ գործարարներու հետ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն <<ԱՌԻ>>ի ներդրումային ֆոնտի հզօրացման եւ ներդրողներու թիւի բարձրացման։

Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Հայաստանի դեսպաններուն եւ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ: Քննարկուած են համագործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները եւ այս առնչութեամբ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են։ Ա. Յարութիւնեան նաեւ այցելած է Քուէյթի Ազգային վարժարան, ծանօթացած կառոյցի պատմութեան ու կարելիութիւններուն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հայապահպանման իմաստով կրթարանին կատարած կարեւոր աշխատանքին համար՝ խոստանալով աջակցիլ Արցախի կրթօճախներուն եւ վարժարանին միջեւ կապերու հաստատման:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, <<Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամ>>ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Բախշիյեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Այցելութեան ընթացքին <<Արցախ Ռուց ԻնվեսթմընԹ>>ը կը ներկայացնէին պատուաւոր տնօրէն Սուրէն Սարգսեան, խորհուրդի անդամ Մասիս Ալեքսանտրեանը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ <<ԱՌԻ>>ի խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչաքճեան։


comments

Advertisement