By Asbarez | Monday, 02 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - 28 Փետրուարին ատրպէյճանական կողմին կատարած հետախուզական–ներթափանցման փորձին ընթացքին զոհուած զինուոր, փոխգնդապետ Արտակ Աղէկեան զոհուած է՝ փորձելով փրկել 20ամեայ Հայկ Բարոյեանի կեանքը, սակայն չէ յաջողած, փոխարէնը Արտակ փրկած է երեք հոգիի կեանք: <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Արտակ Աղէկեանի քրոջ ամուսինը՝ Ահարոն Խաչատրեանը:
<<Դիվերսիայի ժամանակ դիմադրութիւնն այնպէս է կազմակերպել, որ քիչ զոհեր են եղել: Ինքը զոհուել է, քանի որ փորձել է միւս զինծառայողին փրկել, բայց երեք հոգու յաջողուել է փրկել: Ամբողջ քաղաքը սգում է, միւս զինուորը՝ Հայկը, որը նոյնպէս մահացել է, իր վարորդն էր, նոյնպէս Տաշիր քաղաքից: Մեզ մօտ հիմա համաքաղաքային վիշտ է>>, նշած է Ահարոն Խաչատրեան:
Անոր համաձայն՝ 36ամեայ Արտակ Աղէկեանի եւ 20ամեայ Հայկ Բարոյեանի հոգեհանգիստը պիտի կատարուի 3 Մարտին՝ ժամը 17:00ին, Լոռիի մարզի Տաշիր քաղաքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ, իսկ զինուորական կարգով յուղարկաւորութիւնը՝ 4 Մարտին՝ ժամը 13:00ին, Տաշիրի քաղաքային գերեզմանատան մէջ:
Նշենք, որ Արտակ Սեդրակի Աղէկեան Տաշիր քաղաքէն էր, ամուսնացած էր, ունի երկու երեխայ՝ աղջիկ եւ տղայ: <<Նիուզ>>ի համաձայն՝ ան զինուած ուժերու շարքերուն մէջ կը ծառայէ 1996 թուականէն ի վեր: Միւս զոհուած զինուորը՝ անոր համաքաղաքացի, ժամկէտային Հայկ Բարոյեանը, որ զօրակոչուած էր 2013ի աշնան, տան աւագ որդին էր, ունի 3 տարեկան եղբայր:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանով, Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զինուորներ Արտակ Աղէկեան եւ Հայկ Բարոյեան յետ մահու պարգեւատրուած են <<Մարտական ծառայութիւն>> մետալով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ