Մինսկի Խումբի Համանախագահները Կը Հանդիպին Հայաստանի Ղեկավարներուն

By Asbarez | Friday, 21 October 2011

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 21ին ընդունած է տարածաշրջանային այցով Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:

Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերող հարցեր: Սերժ Սարգսեան եւ Մինսկի խումբի համանախագահները խօսած են նաեւ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին:

Նոյն օրը, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ընդունած է նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։

Հանդիպման ընթացքին շարունակուած են քննարկումները ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:

Միջնորդներու հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը, անդրադառնալով առանց հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնելու անմիջապէս խաղաղ պայմանագիրի մշակման անցնելու մասին Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն՝ ըսած է, որ նման դիրքորոշում կը հակասէ բանակցային գործընթացի տրամաբանութեան եւ, բնականաբար, նաեւ համանախագահներու մօտեցումներուն, որոնց մասին բազմիցս յայտարարուած է հրապարակաւ:

comments