By Asbarez | Monday, 09 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 7 Մարտին կազմակերպած էր <<Պահանջատիրութեան գործընթացը եւ երիտասարդութիւնը>> խորագիրով երիտասարդական սեմինարը:
Սեմինարին ընթացքին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեան:
<<Մեր յեղափոխութիւնը ստիպուած պատասխան էր իրականացուող ցեղասպանութեան, այսինքն՝ մենք բոլորովին այլ վիճակի մէջ էինք, քան իրենց հայրենիքը ազատագրող միւս ժողովուրդները, նոյնիսկ Պալքաններու ժողովուրդները, որովհետեւ անոնք հալածանքներու տակ էին, իտալացիները մէկ այլ լուծի տակ էին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ պուլկարները, սերպերը այլ լուծի տակ էին, բայց որեւէ ժողովուրդի ամբողջական մահապատիժ տրուած չէր: Ապտիւլ Համիտի ժամանակ, երբ Պերլինի վեհաժողովէն ետք պարզ դարձաւ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կ՛ընթանայ յստակ քայքայման ճամբով, սուլթանական պետութիւնը որոշեց, որ Հայկական հարցը պէտք է լուծուի հայ տարրի չէզոքացման ճամբով, նախ եւ առաջ՝ մայր հայրենիքով>>, ըսաւ պատմաբանը:
Մկրտչեանի խօսքերով՝ առաջին անգամն էր, որ հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման գտնուեցաւ փաստի մը առջեւ, որ ան պէտք է իր հայրենիքը լքէր:
<<Բնիկ ժողովուրդի եւ նուաճուած ժողովուրդի դարաւոր պայքարը եկաւ հասաւ բարձրակէտի մը, երբ մեր ժողովուրդի մահապատիժը տրուեցաւ: Այդտեղէն ընդամէնը երեք տարիներու ընթացքին ծնունդ առին հինգ կուսակցութիւններ, որովհետեւ այլընտրանք չկար: Մեր կուսակցութիւնը, ազատագրական պայքարը, հայկական յեղափոխութիւնը պատասխան էր ոչնչացման քաղաքականութեան, եւ ասիկա իր հետքը ձգեց ժողովուրդի ճակատագիրին վրայ>>, ընդգծեց Մկրտչեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ