By Asbarez | Friday, 21 October 2011
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Եւրոպայի մէջ այն եզակի սառեցուած հակամարտութիւններէն է, որ կարելի է լուծել։
Խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումներէն իր ստացած տպաւորութիւններուն մասին՝ Ռուսիոյ նախագահը ըսած է. «Երկու նախագահներու խորհրդականները իրարու հետ դիւրին կերպով լեզու կը գտնեն եւ հայերէնէն դիւրութեամբ կ՛անցնին ատրպեճաներէնի, եւ՝ հակառակը. ատիկա գաղտնի կը պահուի։ Նախագահները եւս իրարու հետ դիւրին լեզու կը գտնեն, երբ միասին նստած կ՛ըլլանք սեղանի շուրջ, անոնք շատ լաւ կը յարաբերին»։
Ընդունելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ գոյութիւն ունին իսկական բարդութիւններ՝ Մետվետեւ ընդգծած է. «Ռուսիա անկասկած պիտի շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման։ Ի վերջոյ, այդ բարդ, սակայն լուծելի խնդիրի կարգաւորումը կախեալ է երկու ժողովուրդներու եւ նախագահներու բարի կամքէն, եթէ անոնք զիրար լսեն, քիչ մը ընդառաջեն իրարու եւ փոխզիջումներ կատարեն»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ