Նախագահ Սարգսեան տարբեր կուսակցութիւններու հետ քննարկած է սահմանադրական բարեփոխումները

By Asbarez | Thursday, 12 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացի ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 Մարտին հանդիպում ունեցած է Միաւորուած աշխատանքային կուսակցութեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Օրինաց երկիր կուսակցութեան (ՕԵԿ), Հայոց համազգային շարժում կուսակցութեան, Ազատ դեմոկրատներ կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն եւ <<Ժառանգութիւն>> կուսակցութեան հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին առնչուող հարցեր։

 

comments