«Հիլթըն» Երեւանի Մէջ Մտադիր Է Հիւրանոցային Համալիր Կառուցել

By Asbarez | Monday, 24 October 2011

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ հիւրանոցային շինարարութեան եւ հիւրանոցային գործի զարգացման առնչուող հարցեր քննարկուած են Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի եւ «Ֆիլոքսենոս Պոլսքա Սփոլքա» ընկերութեան նախագահ Ռոպերթ Տիլեւսքիի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ:

Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններով, հիւրերը քաղաքապետին ներկայացուցած են աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ ներկայացուած «Հիլթըն» հիւրանոցային ցանցի զարգացման ծրագիրներն ու մատուցուող ծառայութիւններու փաթեթը, ապա նաեւ իրենց հետաքրքրութիւնները յայտնած են Երեւանի մէջ «Հիլթըն» հիւրանոցային համալիրի կառուցման հարցով:

Կարեւոր համարելով մայրաքաղաքին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը՝ քաղաքապետը ողջունած է հանրաճանաչ սոյն հիւրանոցային հնարաւոր ներկայութիւնը Երեւանի մէջ: «Բարձրորակ ծառայութիւններն ապահովում են զբօսաշրջութեան համար համապատասխան միջավայր: Մենք շահագրգռուած ենք ներդրումային առաջարկով: Վստահ եմ, որ «Հիլթըն» ապրանքանիշը ներկայացուած կը լինի Երեւանում եւ պատրաստ ենք քննարկել փոխշահաւէտ գործակցութեան առաջարկներ», նշած է Կարէն Կարապետեան:

comments