By Asbarez | Monday, 16 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի նախագահ, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան 16 Մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ կ՛ուզեն Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը տեսանելի դարձնել բոլորին։
<<Յայտնի է, որ հանրապետութեան նախագահն ամսի 14ին հաւանութիւն է տուել սահմանադրական բարեփոխումների հայեցակարգին, փաստաթուղթն արդէն պաշտօնական հաւանութեան արժանացած փաստաթուղթ է: Մենք ցանկացանք այսօր այս փաստաթուղթը հասանելի դարձնել լայն հասարակութեանը, ինչպէս նաեւ այն շահագրգիռ սուբյեկտներին, ովքեր կը ցանկանան լաւ ուսումնասիրել եւ համարժէք շահագրգիռ առաջարկներ անել յանձնաժողովին>>, յայտնեց Գագիկ Յարութիւնեան՝ աւելցնելով. <<Հաւանութեան արժանացնելուց բացի, նախագահը լրացուցիչ խնդիրներ առաջադրեց: Այն է՝ պէտք է կազմակերպուեն քննարկումներ՝ հայեցակարգի դրոյթների կենսագործունէութեան հետ կապուած: Քաղաքական կուսակցութիւնների յետ քննարկումների արդիւնքները կ՛ամփոփուեն, եւ այդ արդիւնքների ամփոփումը հնարաւորութիւն կը տայ այդ լուծումները բարելաւել կամ յաւելեալ եւ լրացուցիչ մօտեցումներ մշակել>>:
Սահմանադրական դատարանի նախագահին դիտարկմամբ՝ նախագահի բացարձակ իրաւասութիւնն է ընդունիլ կամ մերժել հայեցակարգը: <<Այս պարագայում հայեցակարգն ընդունուել է երկու նկատառումով՝ ներկայացուած հայեցակարգը դեռեւս համոզիչ լուծում չի պարունակում այնպիսի հարցերի վերաբերեալ, ինչպիսին երկրի ներքին եւ արտաքին անվտանգութեանն առնչուող հարցերն են, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կայունութեան հիմնախնդիրը>>, դիտել տուաւ Յարութիւնեան։
Ան նշեց նաեւ, որ միայն Դաշնակցութեան կողմէ ուղարկուած են սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովին նկատառումները: Անոնք պիտի քննուին, եւ շուտով ժամանակացոյցը պիտի յստականայ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ