Տէր Զօրէն բերուած մասունքներ պիտի ամփոփուին Ստեփանակերտի ցեղասպանութեան յուշարձանին մէջ

By Asbarez | Tuesday, 17 March 2015

 

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակի միջոցառումները միայն Ապրիլ 24ին յիշատակելով պիտի չսահմանափակուին: Գիտաժողովներ, մշակութային եւ քաղաքական հանդիպումներ կը նախատեսուին ամբողջ տարուան ընթացքին: ԼՂՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ Ապրիլի կէսերուն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձան-զանգակատան բացման արարողութիւնը:

Բաբայեան յայտնեց, որ զանգակատան հիմքին մէջ պիտի թաղուին Տէր Զօրէն բերուած մասունքները, որոնք պիտի տրամադրուին Հայոց Ցեղասպանութեան Երեւանի թանգարանին կողմէ:

 


comments

Advertisement