Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան ղեկավար ընտրուած է Նայիրա Զոհրաբեանը

By Asbarez | Thursday, 19 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– <<Բարգաւաճ Հայաստան>> խմբակցութեան ղեկավար ընտրուած է Նայիրա Զոհրաբեան, քարտուղար՝ Վահէ Էնֆիաջեան: <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Բաբայեան:

Ան նշած է, որ Նայիրա Զոհրաբեան եւ Վահէ Էնֆիաջեան ընտրուած են միաձայնութեամբ: Նիստին չեն մասնակցած պատգամաւորներ Տիգրան Ուրիխանեանը եւ Աբրահամ Մանուկեան: Կուսակցութենէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած են 11 պատգամաւորներ, որոնք կը մնան խմբակցութեան կազմին մէջ:

 

 

comments