By Asbarez | Monday, 23 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<ԹերԹ>> - Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան <<ԹերԹ>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ ոեւէ մէկը Դաշնակցութիւնը չէ հրաւիրած կառավարութեան մաս կազմելու, ինք եւս ոեւէ մէկէն չէ խնդրած համաձայնական կառավարութեան մէջ մտնել:
<<Օրինակ՝ դուք ինչպէ՞ս կարող էք յայտնուել մեր տանը: Երկու տարբերակ կայ. մէկը, որ զանգէք ու ասէք՝ ուզում եմ գալ, միւսը, որ ես ձեզ հրաւիրեմ: Մեզ որեւէ մէկը չի հրաւիրել կոալիցիա, մենք որեւէ մէկին չենք դիմել կոալիցիա մտնելու համար>>, նշած է Աղուան Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ 2009էն ետք, երբ Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ կառավարութենէն, չէ եղած շաբաթ կամ ամիս, որ մամուլը չգրէ այն մասին, որ Դաշնակցութիւնը կրկին մաս պիտի կազմէ անոր։ <<2009 թուականից քանի՞ տարի է անցել, վեցուկէս տարի: Այնպէս որ, գրէք, վերլուծէք, նորից գրէք>>, խորհուրդ տուած է Աղուան Վարդանեան:
Կառավարութեան մաս կազմելու հիմնական խոչընդոտը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւնները տակաւին նոր յետս կոչուած են Ազգային ժողովէն, իսկ սահմանադրական բարեփոխումներու հարցին մէջ միայն վերջին շրջանին է, որ Դաշնակցութեան եւ իշխող քաղաքական ուժին մօտեցումները կը համընկնին:
Այս դիտարկման ի պատասխան՝ Աղուան Վարդանեան յիշեցուցած է, որ ՀՅԴի քաղաքական օրակարգը կը կազմէ Դաշնակցութեան ձեւակերպած 7 առաջարկները, որոնք <<ամբողջութեամբ են ընկած ինչպէս իշխող քաղաքական մեծամասնութեան, այնպէս էլ ընդդիմադիր յարաբերութիւնների հիմքում>>:
Այսինքն՝ Դաշնակցութեան 7 առաջնահերթութիւններուն մէկ կամ երկու կէտին գծով կարելի չէ համաձայնութիւն կայացնել, այլ միայն բոլոր 7 առաջնահերթութիւններու իրականացման պարագային։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ