By Asbarez | Monday, 23 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ - 23 Մարտին Ազգային ժողովը քննարկած է <<Օսմանեան Թուրքիայի կողմից 1915-1923 թթ. իրականացուած՝ յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնը դատապարտելու մասին>> նախագիծը:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան այս առնչութեամբ հաստատած է, որ նախագիծը ռազմավարական արժէք ունի ՀՅԴին համար:
<<Մենք հետեւողական ջատագովն ենք եղել այսպիսի նախաձեռնութիւնների իրականացման: Դեռեւս նախորդ գումարումներում այսպիսի նախաձեռնութիւնները լիովին տեղաւորւում են Դաշնակցութեան կողմից ժամանակին շրջանառութեան մէջ դրուած օրէնքի նախագծի տրամաբանութեան մէջ, որը կոչւում էր <<Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման պետական հիմադրոյթների մասին>> օրէնք: Ի հարկէ այդ օրէնքը տեղափոխուեց ԱԺ տարբեր գումարումներից գումարում, բայց այն հիմա շրջանառւում է>>, ըսած է Արմէն Ռուստամեանը Անոր համաձայն՝ այս նախագիծը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պարունակին մէջ:
Խօսելով նախաձեռնութեան ռազմավարական արժէքին մասին՝ պատգամաւորը նշած է, որ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ նոյն ժամանակաշրջանին հայրենազրկման ու ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը, բնական է, իր զօրակցութիւնը պէտք է յայտնէ միւս ազգերուն, որոնց նկատմամբ եւս գործադրուած է պատմականօրէն փաստուած նմանօրինակ ցեղասպանութիւն: <<Թուրքիայի կողմից իրականացուող քաղաքականութիւնը եղել է տեւական եւ ունեցել զանգուածային բնոյթ: Սրանով ամրապնդւում է մեղադրանքը՝ ուղղուած Օսմանեան Թուրքիայի իրաւայաջորդ ներկայացող Թուրքիայի Հանրապետութեանը, քանի դեռ վերջինս շարունակում է իր ժխտողական քաղաքականութիւնը: Սա իրաւագիտական, ամենածանրակշիռ փաստարկներից է, որ ցեղասպանութիւնը ուղղուած չէ միայն մէկ ազգի դէմ, այլ յանցագործութիւն է՝ կատարուած քաղաքակիրթ ազգերի եւ համայն մարդկութեան դէմ>>, ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Պատգամաւորը աւելցուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արդէն միջազգային օրակարգի հարց է: Ցեղասպանութիւնը, ըլլալով մարդկութեան դէմ յանցանք, չի կրնար ունենալ վաղեմութեան ժամկէտ, չի կրնար վերաբերիլ անցեալին կամ պատմաբաններուն: Չդատապարտուած ոճիրը մնայուն կերպով մարդկութեան դէմ ուղղուած անխուսափելի վտանգ կը պարունակէ, նորանոր յանցանքներ:
Խօսելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին՝ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ ժխտողականութիւնը դատապարտելը պատահականութեան արդիւնք չէ, յառաջադէմ մարդկութիւնը ատիկա անհրաժեշտ կը նկատէ, որովհետեւ անոր ետին պահուած է յանցագործութեան իսկական տուեալը: Այդ է պատճառը, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ անիկա քրէականացուած է, ուստի ժխտողականութիւնը այնքան չէ կապուած խօսքի ազատութեան սահմանափակման հետ, որքան դարձած է հիմնական միջոց՝ խուսափելու պատիժէն, այսինքն՝ չկայ յանցանք, չկայ եւ պատիժ, չխոստովանին յանցանքը, որ պատիժէն ալ խուսափին: <<Դա նշանակում է գլխիվայր շուռ տալ արդարադատութեան համակարգը: Սա է խնդիրը, որ ժխտողականութեանը հակառակուող գաղափարախօսութիւնը պահանջատիրութիւնն է: Նոյնն է, եթէ դատարանը փորձի համարել, թէ բաւարար է մարդասպանի կողմից նրա մեղքի խոստովանութիւնը եւ պատիժ չսահմանի: Սա է աբսուրդը: Թուրքիան շատ լաւ գիտի, որ եթէ ճանաչեց, մնացած քայլերն անխուսափելի են լինելու>>, ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ անոր՝ Թուրքիան ժխտողականութիւն որդեգրած է պետական մակարդակով, ինչ որ կը նշանակէ՝ խոչընդոտել արդարադատութեան իրականացումը, ինչ որ իր կարգին քրէական արարք է:
Արմէն Ռուստամեան վստահ է, որ Թուրքիան կը խուսափի համաշխարհային դատէն:
Ան նաեւ վստահ է, որ Հայաստան իրաւական դաշտին մէջ ուժեղ դիրքեր ունի, քանի որ ունի անհերքելի փաստեր: <<Արդէն մէկ դար մեր ժողովուրդը պայքարել է, պետութիւն չունենալով, նորից պետութիւն ձեռք բերելով: Հիմա հասել ենք հսկայական արդիւնքների, եւ դրան հասել ենք յստակ գաղափարախօսութեամբ, Հայ Դատի գաղափարախօսութեամբ>>, նշած է Արմէն Ռուստամեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ