By Asbarez | Tuesday, 25 October 2011
ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին անդրադարձած է Վանի երկրաշարժէն ետք միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս դրացի երկիրներու օգնութիւնը մերժելու Անգարայի որոշումին։
«Ցնցուած տրամաբանութիւն» խորագիրով հրապարակման տակ, օրաթերթը կը գրէ, որ Անգարա մերժեց նաեւ Հայաստանի եւ Իսրայէլի՝ այդ դժուար պահուն Թուրքիոյ աջակցելու առաջարկը։ «Ատիկա անմիտ եւ չարդարացուած որոշում էր», կը գրէ օրաթերթը, ընդգծելով, որ «այդ երկիրներէն մէկուն հետ Թուրքիան ունի խնդրայարոյց անցեալ, իսկ միւսին հետ՝ խնդրայարոյց յարաբերութիւններ»։
Բրիտանական ազդեցիկ օրաթերթը, ընդգծելով, որ Թուրքիա այդ մերժումով ուզած է ապացուցել, թէ ինք 10 տարի առաջուան համեմատ աւելի ինքնավստահ, աւելի բարգաւաճող եւ աւելի ինքնուրոյն երկիր է՝ կոշտ քննադատութեան ենթարկած է Անգարան, յայտնելով, որ նման գործելաոճ պարզապէս անտեղի պարծենկոտութիւն է։
«Սակայն Թուրքիան տակաւին օգնութեան կարիք ունի. նման աղէտներէն ետք ամէն երկիր օգնութեան կարիք կը զգայ։ Պէտք չէ թրքական հպարտութիւնը կառուցել արեան եւ փշրուած ոկորներուն վրայ մահացողներուն, որոնք ողջ պիտի մնային, եթէ ժամանակին տեղ հասնէր օգնութիւնը: Տարածաշրջանային կայունութիւնը կը կառուցուի բարեկամութեան վրայ եւ Թուրքիա շրջապատուած է այդ բարեկամութիւնը առաջարկող երկիրներով։ Այնպէս որ Թուրքիա պէտք է ընդունի այդ օգնութիւնը», կը գրէ «Թայմզ»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ