By Asbarez | Wednesday, 01 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - 1 Ապրիլին՝ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան օրը (1920 թուականին), Մատենադարանին մէջ սկսած են <<Այնթապի օրերը>>։
Բնակավայրը յայտնի է ոչ միայն իր հերոսական էջերով, այլ նաեւ ասեղնագործական արուեստի հրաշալի ժառանգութեամբ: Այդ գործերը Մատենադարանին մէջ ներկայացուած են նոր հրատարակուած գիրքով եւ ցուցահանդէսով։
Սուրիահայ Հրազդան Թոքմաճեան հաւաքած, լուսանկարած է զանոնք ու ամփոփած <<Այնթապի Ասեղնագործութիւնը>> երկհատորեակին մէջ: 760 էջերէ բաղկացած հայերէն եւ անգլերէն գիրքին մէջ ոչ միայն լուսանկարներ կան, այլ նաեւ պատմական տեղեկութիւններ, վերլուծումներ եւ Այնթապի ասեղնագործութեան ներկայ վիճակը:
Հեղինակը նիւթերը սկսած է հաւաքելու 3 տարի առաջ՝ Սուրիոյ մէջ, բայց պատերազմին պատճառով գիրքը տպագրուած է Երեւանի մէջ՝ Մարդկային պաշարներու <<Փիւնիկ>> հիմնադրամին միջոցներով:
Թուրքիան այսօր Այնթապի ձեռագործը իբրեւ իրը կը ներկայացնէ, մինչդեռ տեղւոյն հայերը թրքական իշխանութեան հաստատումէն շատ աւելի առաջ կը տիրապետէին այս նուրբ արուեստին։
Հեղինակին համաձայն՝ գիրքին մէջ ներկայացուած կարգ մը գործեր Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին պատճառով այսօր արդէն չկան: Թոքմաճեան յոյս յայտնեց, որ Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւն ըլլայ, որպէսզի գիրքի պատրաստութեան մէջ իրեն մեծապէս օժանդակած կիներն ու օրիորդները տեսնեն, թէ գործը յաջողութեամբ կարելի եղած է աւարտել եւ լոյս աշխարհ բերել։
<<Գիրքին մէջ կան շարք մը հրաշալի ձեռագործեր, Այնթապէն եկած չտեսնուած գեղեցիկ, մետաքսեայ բարձի երեսներ, որոնք հիմա գոյութիւն չունին: Տէր Զօրի թանգարանին մէջ գոյութիւն ունէին շատ արժէքաւոր ձեռագործեր, որոնք չենք գիտեր, թէ ո՞ւր են ներկայիս, գոյութիւն ունի՞ն, թէ ոչ։ Այդ տեսակի կորուստներ կան, բայց մենք գիրքին մէջ օգտագործած ենք բնօրինակէն լուսանկարուած ձեռագործներ>>, յայտնած է հեղինակը։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ