Բողոքի ցոյց՝ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ

By Asbarez | Thursday, 02 April 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - 2 Ապրիլին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ <<Նիկոլ Աղբալեան>> ուսանողական միութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրներու ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյց կազմակերպած են։


Ցոյցին մասնակիցները <<Հայոց պատմութիւնը ծախու չէ>>, <<Թուրքիան պէտք է ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը>> եւ նմանատիպ գրութեամբ պաստառներով ՀՅԴ <<Արամ Մանուկեան>> կեդրոնէն ուղղուած են դէպի Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատուն:

Դաշնակցական երիտասարդները կ՛ուզէին իրենց պահանջագիրը յանձնել դեսպանին, բայց քանի որ դեսպանը դուրս չէ եկած դեսպանատան շէնքէն, անոնք գետինը նստած են՝ վանկարկելով վերը նշուած կարգախօսները:

Դաշնակցական երիտասարդները Բրիտանիոյ դեսպանատան հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուին յանձնած են պահանջագիրը, որուն բովանդակութիւնը կարելի է ընթերցել այցելելով http://www.yerkir.am/am/news/82985.htm կայքէջը։


comments