Ընդունուած է պարտադիր 12ամեայ կրթութեան վերաբերող օրէնքը

By Asbarez | Wednesday, 08 April 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ - 8 Ապրիլի նիստին Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտարարած է, որ 7 Ապրիլին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի մասնակցութեամբ կայացած է քննարկում մը՝ պարտադիր միջնակարգ կրթութիւնը 12ամեայ դարձնելու գծով: Քննարկման իբրեւ արդիւնք օրէնքը մշակուած եւ ամբողջացուած է, իսկ ժողովը պէտք է զայն քուէարկէ։

Վարման կարգով ելոյթ ունեցած է Օրինաց Երկիր կուսակցութեան խմբակցութենէն Հեղինէ Բիշարեան՝ նշելով, որ իրենց որոշ մտահոգութիւնները փարատած են, սակայն չէ վերցուած «պարտադիր» բառը, ուստի ձեռնպահ պիտի քուէարկէ:

ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան նշած է, որ, թէեւ վստահ են, որ կառավարութիւնը կարողութիւն չունի այս հարցը գլուխ հանելու, բայց իրենց որոշ մտահոգութիւնները փարատած են, ուստի իրենց թեր պիտի քուէարկեն։
Օրէնքը ընդունուեցաւ 85 թեր եւ 0 դէմ քուէներով։

 


comments