Քանյէ Ուեսթը «ԹՈՒՄՕ»ի սաներուն հետ երգած է

By Asbarez | Friday, 10 April 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> -  Յայտնի ռեփըր Քանյէ Ուեսթը 10 Ապրիլին այցելած է <<ԹՈՒՄՕ>> ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն: Ան շրջագայած է կեդրոնին մէջ, ծանօթացած է տարուած աշխատանքներուն, զրուցած է սաներուն հետ։

Քանյէ Ուեսթը մտած է գծանկարային դասընթացքի սենեակ, զրուցած դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ, ծանօթացած է երաժշտական խումբին: <<ԹՈՒՄՕ>>ի ուսանողները երգած են Քանյէ Ուեսթի հետ, որմէ ետք անոր ներկայացուցած են իրենց նոր երգը: Քանյէ Ուեսթը անկէ ետք մեկնած է շարժապատկերի դահլիճ: Ան յատկապէս հետաքրքրուած է երաժշտական եւ գծանկարային բաժինով։ Ան մեծապէս տպաւորուած է կեդրոնով եւ տարուած բազմաբնոյթ գործունէութեամբ։

<<ԹՈՒՄՕ>>ի հանրային կապերու բաժինէն նաեւ յայտնած են, որ Քանյէ Ուեսթը թէեւ կարճ այցելութեամբ մը եկած էր կեդրոն, սակայն մեծապէս հետաքրքրուելով կատարուած աշխատանքներով, ան ժամեր մնացած է հոն։

 

comments