Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան

By Asbarez | Thursday, 16 April 2015

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Երեքշաբթի, 14 Ապրիլի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Սէյրան Օհանեանը: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը եւ նախարարին ընկերացող զինուորական պատուիրակութիւնը:

Պաշտպանութեան նախարարը վեհափառին պարզեց իր այցելութեան նպատակը, եւ իր ունեցած հանդիպումները Լիբանանի պետական պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի հայ գաղութին հետ: Վեհափառը իր կարգին բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Արցախի հայոց բանակներուն մարտունակ ոգին եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին, զայն նկատելով Հայաստանի ու Արցախի հզօրութեան ու հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան պաշտպանութեան ամուր երաշխիքը:

Ապա, նախարար Օհանեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընթրիքի հիւրը եղան հայրապետին: Մեկնելէ առաջ, հիւրերը այցելեցին Նահատակաց յուշամատուռը եւ իրենց յարգանքը ընծայեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:

 


comments