Հալէպի ազգային իշխանութիւնները Սուրիահայ երեխաները Հայաստան տեղափոխելու որոշում չեն տուած

By Asbarez | Friday, 17 April 2015



ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>>, <<Փան Արմինիըն>> - Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է օգնելու Հալէպի մէջ մնացած հայերուն, մասնաւորաբար երեխաներուն՝ տեղափոխուելու Հայաստան, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է տեղւոյն ազգային իշխանութիւններուն համաձայնութիւնը, որ տակաւին չկայ։ <<Փանորամա>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, <<Սիրիահայերի հարցերով յանձնաժողով>>ի նախագահ Ֆիրդուս Զաքարեան:

<<Վարչապետը յայտարարեց, որ եթէ սիրիահայերը ցանկութիւն յայտնեն գալ Հայաստան, մենք նրանց կ՛ընդունենք յաւուր պատշաճի: Մենք դրան պատրաստ ենք, բայց որոշումը պէտք է կայացնեն տեղի իշխանութիւնները, այսինքն առանձին անհատների որոշումը պէտք է դառնա ընդհանրական>>, յայտնած է պաշտօնեան:
Ֆիրդուս Զաքարեան ըսած է, որ իրենք ամէնօրեայ կապի մէջ են Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ:

<<Երէկ էլ խօսել ենք պարոն Ռէյիսեանի հետ, որը իրազեկուած է ու համապատասխան ինֆորմացիա է փոխանցում: Իրենք որոշում չեն կայացրել: Եւ յետոյ բացառուած չէ, որ խուճապային տրամադրութիւնները մարած լինեն>>, նշած է Զաքարեան:

Զաքարեանի համաձայն՝ երբ ազգային իշխանութիւնները որոշեն, Հայաստանի կառավարութիւնը անպայման պիտի արձագանգէ: Պաշտօնեան փոխանցած է նաեւ, որ կառավարութիւնը ի վիճակի է որեւէ թիւով երեխայ տեղափոխել Հալէպէն Հայաստան, ինչպէս կատարած է նախորդ տարիներուն։ <<Երեք տարի առաջ, երբ մենք երեխաներ բերեցինք, աւելի շատ կարող էինք ընդունել, բայց եկաւ շուրջ 500 երեխայ>>, նշած է Զաքարեան:

<<ՓանԱրմինիըն>>ը գրած է, որ Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան <<Ազատութեան>> հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ հայերը գաղութը լուծարելու քայլին չեն դիմեր, քանի որ անհրաժեշտութիւն չկայ։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է արձագանգելով կարգ մը սուրիահայերու կողմէ Հայաստանի կառավարութեան ուղղուած տարհանման խնդրանքին, որուն ընդառաջելու պատրաստակամութիւն յայտնած է կառավարութիւնը։
<<Մենք գաղութը չենք լուծարեր, այլ կը փորձենք պահել զայն: Հետեւաբար, ան, որ դժուարութիւն ունի, օգնելու պարտաւորութիւն ունինք եւ պիտի օգնենք, իսկ Սուրիոյ կամ Հալէպի սահմաններէն դուրս մենք ըսելիք չունինք>>։ Ան դիտել տուած է, որ անոնք, որոնք կարելիութիւն ունին եւ կը փափաքին, կրնան հեռանալ Հալէպէն, ատիկա անձնական որոշումով կ՛ըլլայ, իսկ մնացողներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելը պիտի շարունակուի։

 


comments

Advertisement