By Asbarez | Monday, 20 April 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան 20 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հռոմի Ֆրանսիս պապին մատուցած պատարագը եւ ուղերձը, որով ան կոչ ուղղած է Թուրքիոյ՝ առերեսուելու սեփական պատմութեան հետ, եղաւ այն <<ցունամին>>, որմէ Թուրքիա կը վախնար:
Խօսելով քաղաքական գնահատականներու մասին՝ Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ Թուրքիա իր վարած քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք տապալեց իր կառավարութեան կողմէ կազմակերպուող Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները:
<<Թուրքիան տապալեց իր իսկ նախաձեռնութիւնը՝ Գալիպոլիի ճակատամարտի 100ամեայ տարելիցի միջոցառումները: Առանց գիտակցելու, որոշակի հակահարուած տալով պապի մատուցած պատարագին, Թուրքիան աշխարհի ուշադրութիւնը կրկին սեւեռեց Հայկական Հարցի վրայ>>, յայտնեց ան։
Անդրադառնալով մեր պահանջատիրութեան՝ Կ. Մանոյեան հաստատեց, որ 24 Ապրիլէն ետք պէտք է շարունակել աշխատիլ այնպէս, ինչպէս ցարդ աշխատած ենք՝ մէկ տարբերութեամբ միայն, որ հիմա շեշտը պէտք է դնել ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլ նաեւ պահանջատիրութեան վրայ: <<Մենք պէտք է համազգային համախմբութիւն ունենանք՝ կոնկրէտ ի՞նչ ենք պահանջելու Թուրքիայից: Ապրիլի 24ից յետոյ մենք պէտք է շարունակենք հատուցումների խնդիրը>>, ընդգծեց ան:
Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ այն հանգամանքին, որ երբ որեւէ պետութիւն կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ, Թուրքիան կը սպառնայ խզել իր յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: <<Թուրքիան չի խզի իր յարաբերութիւնները որեւէ պետութեան հետ, քանի որ նախեւառաջ գերդասում է սեփական շահերը: Գուցէ ժամանակաւորապէս երկու-երեք ամսով սառեցուեն յարաբերութիւնները Ցեղասպանութիւնը ճանաչած երկրների հետ, բայց յետոյ արդէն այդ յարաբերութիւնները բնականոն հունի մէջ կ՛ընկնեն>>, եզրափակեց ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ