«Հայաստանը կարող է աներանելի վիճակում յայտնուել արձանագրութիւնների պատճառով». ՀՅԴ

By Asbarez | Wednesday, 29 April 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Նկատի առնելով Անգարա-Պաքու յարաբերութիւնները՝ շատ քիչ հաւանական է, որ Թուրքիան կը վաւերացնէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները: 29 Ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Անոր համաձայն՝ Հայաստան պատրաստ է արձանագրութիւնները վաւերացնելու այն պահուն, երբ զանոնք վաւերացնէ Թուրքիան: <<Մենք՝ ՀՅԴն, դէմ ենք այդ մօտեցմանը, այսինքն՝ արձանագրութիւններին, հետեւաբար ասում ենք, որ պէտք է հնարաւորինս շուտ յետ կանչել Հայաստանի ստորագրութիւնը այդ արձանագրութիւններից>>, ըսաւ Մանոյեան: Ան անհանգստութիւն յայտնեց այն մասին, որ Հայաստան կրնայ յայտնուիլ անել դրութեան մէջ: <<Եթէ յանկարծ Թուրքիան, Հայաստանին նեղ դրութեան մէջ գցելու նպատակ ունենալով, վաւերացնի արձանագրութիւններից մէկը, որը ինչ-որ քայլեր կատարելու ժամկէտներ չի պարտադրում, այդ դէպքում դժուար կը լինի աշխարհին բացատրել, թէ ինչու մենք չենք վաւերացնում այդ փաստաթուղթը: Երկու արձանագրութիւնները մէկ ամբողջութիւն են կազմում, եւ մէկն առանց միւսի իմաստ եւ արժէք չունի>>, ընդգծեց Մանոյեան:

 

comments

Advertisement