Արցախի մէջ վառեցաւ Համահայկական 6րդ խաղերու ջահը

By Asbarez | Saturday, 09 May 2015

0509Hamahaygagan2

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Մայիսին Շուշի քաղաքին մէջ մասնակցած է Համահայկական 6րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութեան եւ հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով:


Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Համահայկական խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ, ինչ որ իր մէջ շատ խոր իմաստ կը պարունակէ։ <<Համահայկական խաղերի իւրայատկութիւնն այն է, որ այստեղ պարտուողներ չկան, իսկ գրանցուած յաղթանակները յաղթանակ են ողջ հայ ժողովրդի համար>>, հաստատած է ան։ Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ ասիկա նաեւ լաւ միջոց է՝ մէկ անգամ եւս աշխարհին ներկայանալու որպէս քաղաքակիրթ, համախմբուած, սեփական ուժերուն ապաւինող ժողովուրդ, որ, աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալով հանդերձ, անխզելիօրէն կապուած է իր հայրենիքին եւ կարելին կ՛ընէ հայոց անկախ պետականութիւնը հետեւողական կերպով զարգացնելու եւ զօրացնելու համար։

 

comments