Վարչապետ Աբրահամեան եւ Էդուարդօ Էռնեկեան քննարկած են գործադրուող ծրագիրները

By Asbarez | Thursday, 21 May 2015

0521ernegian


ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է արժանթինահայ գործարար Էդուարդօ Էռնեկեանը: Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատած է Հայաստանի տնտեսութեան ոլորտին մէջ Է. Էռնեկեանի գործունէութիւնը եւ յայտնած կառավարութեան աջակցութիւնը՝ անոր կողմէ իրականացուող շարք մը ծրագիրներու գործադրութեան:


Էդուարդօ Էռնեկեան ընդգծած է, որ պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ յոյս յայտնած, որ անոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ Էդուարդօ Էռնեկեանի կողմէ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը եւ յառաջիկային նախատեսուող նախագիծերը։


comments