ՀՅԴ ՀԵԴի եւ ՔԵՄի 200 անդամներ մասնակցեցան Քանատայի եռակողմանի սեմինարին

By Asbarez | Thursday, 21 May 2015

0000CANADA

Մայիս 15-16-17-18ին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն Մոնթրէալէն, Լավալէն, Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Վանքուվըրէն եւ Սենթ Քաթրինզէն 200 երիտասարդներ հաւաքուեցան Քանատայի Քեպեք նահանգի Քինքորա բանակավայրին մէջ, համատեղ եռակողմանի սեմինարին համար: Ներկայ էին ՀՅԴ երիտասարդականի 16 մասնաճիւղերու անդամներ:


Շաբաթ օրուան ծրագիրը սկիզբ առաւ քաղաքական lobbying-ի մասին դասախօսութեամբ, զոր ներկայացուց Մուրատ Թօփալեան: Յաջորդ նիւթը ներկայացուց ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Րաֆֆի Տօնապետեան՝ ներկայացնելով Հայ Դատի աշխարհատարած աշխատանքները: Կէսօրուան դադարէն ետք սեմինարը շարունակուեցաւ Մհեր Գարագաշեանի <<Ի՞նչ է ՀԵԴի եւ ՀՅԴի անդամի դերը>> դասախօսութեամբ: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործավար Էլիզապէթ Չուլճեան դասախօսեց հանրային հաղորդակցութեան եւ քաղաքական քարոզչութեան մասին: Արժանթինէն Խաչիկ Տէր Ղուկասեան Skype-ի միջոցաւ ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը:


Միութենականները առիթը ունեցան մասնակցելու ընդհանուր հարցերու քննարկման, հարցումներ ուղղելով վերոնշեալ դասախօսներուն:


Կիրակի օր բոլոր մասնակցողները խումբերու բաժնուեցան եւ աշխատանոցներ կազմելով՝ անցան գործի:


Սեմինարի վերջին օրը, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան տեսաերիզով իր պատգամը փոխանցեց Սեմինարի մասնակիցներուն՝ շեշտելով. <<Մեր ուժի աղբիւրը Դաշնակցական մարդն է: Իսկ դուք, երիտասարդներ, այդ ուժն էք>>:


Դաստիարակչական ծրագիրի կողքին, մասնակիցները առիթը ունեցան ազգային-յեղափոխական երգերով խանդավառ պահեր ստեղծելու եւ երիտասարդականի շրջանաւարտներու պատրաստած համեղ ճաշերը վայելելու:


Սեմինարը առիթ մը ստեղծեց համախմբելու Հիւսիսային Ամերիկայի ՀՅԴ կազմակերպութեան երիտասարդները, որոնք առիթը ունեցան իրար հետ յարաբերելու, ընկերական կապեր հաստատելու, նոր գիտելիքներ ամբարելու եւ գաղափարներու փոխանակումով նպաստելու կազմակերպութեան յառաջդիմութեան:

 

0000CANADA1


comments