By Asbarez | Saturday, 23 May 2015
ԵՐԵՒԱՆ - <<Ելեկտրաէներգիայի թանկացման խնդրի լուծման հարցով ՀՅԴն պատրաստ է համագործակցել ցանկացած քաղաքական ուժի հետ>>, 22 Մայիսին կայացած խորհրդարանական զրոյցներուն ընթացքին յայտնած է ՀՅԴի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը:
Անոր համաձայն՝ Հայաստանի ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան համակարգը խոր եւ լուրջ փորձաքննութեան կարիք ունի: Պէտք է հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի է լուծել այդ խնդիրները առանց սակերու բարձրացման: <<Հարցի լուծման համար մենք պատրաստ ենք համագործակցել ցանկացած քաղաքական ուժի հետ>>, վստահեցուցած է Մինասեան:
<<Գլխաւոր դատախազի յայտարարութիւնը յոյս է տալիս, սակայն կը ցանկանայինք դրա արդիւնքները տեսնել գործնականում>>, շեշտած է Արծուիկ Մինասեան՝ անդրադառնալով խորհրդարանին մէջ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի ելոյթին:
Մինասեանի համաձայն՝ երբ յանցագործութիւններու բացայայտումը կը ձգձգուի, իրաւապահ համակարգին հանդէպ անվստահութիւնը կ՛աւելնայ: Խօսքը նաեւ Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի եւ անոր ընտանիքին հետ կապուած յանցագործութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի տակաւին չբացայայտուած սպանութեան մասին է: <<Ղարաբաղեան պատերազմի մասնակիցը, համայնքի ղեկավարը օրը ցերեկով սպանուել էր: Կարծում եմ, որ այս սպանութեան բացայայտումը կը բարձրացնէր արդարադատութեան հանդէպ վստահութիւնը: Իսկ երբ գլխաւոր դատախազն ասում է, որ ոչինչ չի երաշխաւորում, սակայն կ՛աշխատի անել հնարաւոր ամէն բան, նման խօսքը յոյս է ներշնչում, բայց ոչ վստահութիւն: Ես հաւատում եմ Կոստանեանի խօսքին, բայց ուզում եմ նաեւ արդիւնքները տեսնել>>, նշած է Մինասեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ