Կառավարութիւնը կ՛որոշէ վաճառել «Հայ Փոստ»ը

By Asbarez | Thursday, 28 May 2015

0528postoffice

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 27 Մայիսի նիստին, որոշեց վառառքի հանել ազգային փոստային ծառայութիւնը՝ <<Հայփոստ>> ընկերութիւնը: Կառավարութիւնը այս որոշումը կայացուցած է անսպասելի, առանց նախնական քննարկումներու:


Որոշման գրաւոր բացատրութեան մէջ նշուած է, որ ընկերութեան <<մասնաւորեցումը կը նպաստի փոստային կապի զարգացմանը եւ նոր ներդրումներ, ժամանակակից սարքաւորումներ ու տեխնիկա կը ներգրաւուի, կը յանգեցնի փոստային բաժանմունքների ենթակառուցուածքների վերականգնմանը>>:


<<Նիուզ>> կը նշէ, որ 2006ին <<Հայփոստը>> հաւատարմագրային կառավարման յանձնուած է արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանին պատկանող <<Հայփոստ Թրասթ Մենեյճմըն>>չ ընկերութեան: 2009-14 թուականներուն ընկերութիւնը շուրջ 20 մլն. տոլարի ներդրում ըրած է, ինչպէս նաեւ սկսած է առաջին, թէեւ սահմանափակ քայլերը, փոստային բաժանմունքներու միջոցով ֆինանսական ծառայութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:


2012ին ՀՀ կառավարութեան եւ նշուած ընկերութեան միջեւ կնքուած է նոր պայմանագիր, որով հաւատարմագրային կառավարման ժամկէտը երկարած է մինչեւ Դեկտեմբեր, 2016:


<<Նիուզ>> նաեւ կը նկատէ որ, քանի մը օր առաջ՝ Մայիսի 20ին, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդուած էր Էտուարտօ Էռնեկեանը, սակայն հանդիպման մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ <<Հայփոստը>> վաճառելու կառավարութեան մտադրութեան մասին ոչինչ նշուած է:

comments