«Անընդհատ բարձրաձայնում ենք ոչ այն պատճառով, որ Հրաչ Մուրադեանը ՀՅԴ անդամ էր». Արծուիկ Մինասեան

By Asbarez | Tuesday, 09 June 2015

0609ardzvig

 

ԵՐԵՒԱՆ - 8 Յունիսին Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստին, երբ կը քննարկուէր գլխաւոր դատախազի 2014 թուականի գործունէութեան հաշուետուութիւնը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ նախ կարեւոր նկատեց Ազգային ժողովին մէջ հաղորդում ներկայացնելը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուի՝ դիտել տալով, որ ատիկա կրնայ բարելաւել գլխաւոր դատախազութեան գործունէութիւնը:


Պատգամաւորը դիտել տուաւ, որ այդ հաշուետուութեան մէջ առկայ են հակասութիւններ, երբ բաժիններէն մէկուն մէջ ներկայացուած է, թէ ինչպէս գլխաւոր դատախազութիւնը նպաստած է յանցագործութիւններու նուազեցման, բայց, միւս կողմէ, այլ բաժինի մը մէջ գրուած է, որ գլխաւոր դատախազութիւնը չի կրնար անմիջական մասնակցութիւն ունենալ յանցաւորութեան դէմ պայքարին մէջ: Ան նախընտրելի նկատեց, որ հաշուետուութեան մէջ ըլլար օրէնսդրական վերլուծում, ինչ որ օգտակար պիտի ըլլայ օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներուն համար:


Իրաւապահ համակարգի գործունէութեան անդրադառնալով՝ Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ զեկոյցին մէջ չներկայացուեցան համակարգային բնոյթի խնդիրները:

Պատգամաւորը ոչ բաւարար գնահատեց հանրային հնչեղութիւն ունեցող գործերու բացայայտման վերաբերող գլխաւոր դատախազութեան գործունէութիւնը: Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան բացայայտման՝ զայն համարելով ոչ լիարժէք ու անբաւարար:


<<Հաւատացէք՝ եթէ մենք անընդհատ բարձրացնում ենք այդ հարցը, ապա ոչ թէ այն պատճառով, որ Հրաչ Մուրադեանը ՀՅԴ անդամ էր, այլ պատճառներն աւելի խորքային են. օրը ցերեկով սպաննուել է Մարտական խաչի շքանշանակիրը, հերոսը, համայնքի ղեկավարը>>, ըսաւ Արծուիկ Մինասեան՝ աւելցնելով, որ գործը մինչ օրս բացայայտուած չէ:


comments

Advertisement