8 Յունիսի գիշերը Տաւուշի Բաղանիս գիւղին ուղղութեամբ կրակոցներ արձակուած են

By Asbarez | Wednesday, 10 June 2015

0610Davoush


ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ատրպէյճանական կողմը 8 Յունիսի գիշերը կրակ բացած է Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղին ուղղութեամբ: <<Արմէնփրէս>>ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին համայնքի ղեկավար Նարեկ Սահակեան տեղեկացուցած է, որ, բարեբախտաբար, վնասները միայն նիւթական են: <<Կրակոցը հնչել է մէկ անգամ, կէսգիշերն անց՝ 00:30ին, այն դիպել է տներից մէկին, վնասել պատուհանը, կոտրել ապակին>>, նշած է ան։ Նարեկ Սահակեանի համաձայն՝ 15 Փետրուարէն ետք յարաբերական խաղաղութիւն կը տիրէր, սակայն ատրպէյճանական կողմը կրկին խախտած է զայն։

 

comments