Ատրպէյճան Պատերազմ Սկսելու Յարմար Պահուն Կը Սպասէ

By Asbarez | Monday, 31 October 2011

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Սահիպ Ալիեւ, ատրպեճանական «ՍալամՆիուզ» լրատուական կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Արցախի դէմ պատերազմ սկսելու համար միջազգային յարմար պայմաններու ձեւաւորման կը սպասէ։

Ընդգծելով, որ Ատրպէյճան կրնայ «առանց Թուրքիոյ բանակի աջակցութեան, ջախջախել հայկական բանակը»՝ երեսփոխանը նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի բոլոր բնագաւառները ընդգրկող երկարատեւ ռազմական համագործակցութիւն։

«Առայժմ Ատրպէյճան կը փորձէ հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով. ամէն պարագայի, եթէ թշնամիին կորուստները 5-6 անգամ աւելի ըլլան, միեւնոյնն է, պատերազմ՝ կը նշանակէ կորուստներ։ Հիմա, եթէ պատերազմ սկսի, այնքան կարեւոր չէ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի պիտի աջակցի՞, թէ ոչ։ Ատիկա կարեւոր էր 2000ական թուականներուն։ Իսկ հիմա Ատրպէյճան ընդունակ է հայերը բռնագրաւուած տարածքներէն դուրս շպրտելու», ըսած է Սահիպ Ալիեւ:

«ՄԱԿի համապատասխան յօդուածին մէջ կը նշուի, որ բռնագրաւումի ենթարկուած երկիրը կրնայ իր հողերը որեւէ միջոցով ազատագրել։ Այսինքն, իր հողերու ազատագրման համար Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմ սկսիլը, ըստ միջազգային իրաւունքի, ճիշդ է եւ արդարացի», եզրակացուցած է ան։

comments