ԵՄի աջակցութեամբ Հայաստանի 6 շրջանի մէջ համագործակցական պիտի հիմնուի

By Asbarez | Friday, 12 June 2015

0611cooperative

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Մեդիամաքս>> - Եւրոպական Միութիւնը գիւղատնտեսութեան եւ գիւղի զարգացման ENPARD ծրագիրի ծիրին մէջ պիտի աջակցի Հայաստանի 6 շրջաններու մէջ համագործակցականներու հիմնադրութեան: Ասիկա իրականութիւն կը դառնայ Հայաստանի մէջ ԵՄի գրասենեակին եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութեամբ։ Արդարեւ, դրամաշնորհներ պիտի տրամադրուին համագործակցականներու հիմնադրումին ու զարգացման նպատակով:

Հայաստանի մէջ ԵՄի պատուիրակութեան միջազգային օգնութեան, համագործակցութեան պատասխանատու Ճոն Պարքըր յայտնած է, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան հետ համապատասխան համաձայնագիր ստորագրուած է՝ ծրագիրը Հայաստանի մէջ իրականացնելու նպատակով, եւ ատոր պաշտօնական սկիզբը տրուած է այս տարուան Յունուարին։ Այս նպատակով ENPARD–ին կողմէ պիտի տրամադրուի 25 միլիոն եուրօ՝ 20 միլիոնը որպէս պիւտճէական աջակցութիւն, իսկ 5 միլիոնը որպէս թեքնիք հարցերու եւ խորհրդատուական աջակցութիւն: <<Այս ծրագիրով մենք պիտի օգնենք երկրագործներուն աւելի շատ ու աւելի որակեալ արտադրանք տալու եւ աւելի բարձրարժէք շուկաներուն մէջ սպառելու իրենց արտադրութիւնը>>, յայտնած է Պարքըր։

Ծրագիրը պիտի գործադրուի Շիրակի, Լոռիի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի, Կոտայքի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ:

Խումբերը պէտք է կազմուած ըլլան տարբեր ընտանիքներ ներկայացնող եւ գիւղական համայնքներուն մէջ արձանագրուած, բնակող եւ գործունէութիւն ծաւալող առնուազն 5 երկրագործներէ կամ 5 հիմնադիր անդամէ:

 


comments