Կառավարութիւնը կը սերտէ ելեկտրականութեան սղութեան հետեւանքներու մեղմացումը

By Asbarez | Friday, 12 June 2015

0611ardem

 

ԵՐԵՒԱՆ - Լրագրող Նանէ Սահակեան կը գրէ, թէ կառավարութիւնը արդէն սկսած է հաշիւներ ընելու՝ պարզելու, թէ ելեկտրականութիւնը եթէ շուրջ 7 դրամով սղի, ինչպէ՛ս պէտք է օգնեն անապահով ընտանիքներուն։ Այս մասին յայտնած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան:

<<Ներկայումս հաշուարկում ենք այն անհրաժեշտ լրացուցիչ միջոցները, որպէսզի առաջին հերթին սոցիալապէս անապահով ընտանիքների համար պէտք է մեղմուի այդ ազդեցութիւնը>>, դիտել տուած է Սարգսեան:

Ան խոստովանած է, որ հոսանքի սղութիւնը բեռ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն անապահով ընտանիքներուն, այլ նաեւ ամբողջ բնակչութեան ուսերուն, նաեւ՝ իր ընտանիքին համար: Բայց փոխհատուցումը պիտի տրուի միայն նպաստառու շուրջ 105 հազար ընտանիքներու:

<<Կառավարութիւնը իր հնարաւորութիւնների եւ ռեսուրսների շրջանակներում առաջին հերթին պիտի քայլ անի այդ ուղղութեամբ: Միւս մեր քաղաքացիների առումով, բնական է, որ առաջին հերթին եկամուտները, որ նրանք ստանում են, դրանց աճն են, որը պիտի կարողանայ խնդրին լուծում ապահովել>>, յայտնած է նախարարը:

Սարգսեան նպաստառու ընտանիքներուն օգնելու իր առաջարկը պիտի ներկայացնէ կառավարութեան, իսկ հաշիւներ պիտի ընէ ճշդելու, թէ ինչպէս կարելի է նուազագոյն վնասով դուրս գալ, ինչպէս անցեալ տարի, երբ ելեկտրականութեան սակը մօտ 4 դրամով աւելցաւ, իշխանութիւնները որոշեցին 1000 դրամով աւելցնել անապահով ընտանիքներուն տրամադրուող նպաստը:

Այս հաշիւներուն զուգահեռ կառավարութիւնը նաեւ պիտի փորձէ ճշդել, թէ հոսանքի սակի բարձրացումը ինչպէս պիտի ազդէ տնտեսութեան ու, մասնաւորապէս, գնաճին վրայ:

 


comments