Քաղաքացիի հագուստով ոստիկանները Երեւանի մէջ լրագրողները կը ծեծեն. «Ա.Էֆ.Փէ.»

By Asbarez | Wednesday, 24 June 2015

0624demo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Համաշխարհային լրատուական գործակալութիւնները անդրադարձած են Երեւանի մէջ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքող գործիչներուն նկատմամբ բանեցուած բռնութիւններուն։

<<Էսոշիյէյթըտ Փրէս>> լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ ոստիկանութիւնը բռնի ուժով ցրած է ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքող ու կեդրոնական պողոտային վրայ համախմբուած ցուցարարները եւ բերման ենթարկած է աւելի քան 200 հոգի: <<Ցուցարարներուն քանակը ու զանոնք ցրելը կը նկատուին քանի մը տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ արձանագրուած ամէնէն լուրջ անկարգութիւնները, որոնք նախկին խորհրդային այդ աղքատ երկրի քաղաքական կայունութեան իմաստով մտահոգութիւններ կը պատճառեն: Ասիկա պատահեցաւ երկրի մը մէջ, ուր տեղակայուած է ռուսական ռազմական խարիսխ, եւ որ Մոսկուայի ղեկավարած տնտեսական միութեան մաս կը կազմէ>>, գրած է գործակալութիւնը:

Իր կարգին <<Ռոյթըրզ>> գործակալութիւնը կը գրէ, որ ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներ օգտագործած է ցուցարարները ցրելու համար:

Գործակալութիւնը նաեւ կը նշէ, որ բողոքը կազմակերպած էին երիտասարդ գործիչները, որոնք որեւէ կապ չունին քաղաքական կուսակցութիւններու հետ: Այս կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ տնտեսական անկումը, որուն իբրեւ հետեւանք նուազած է Ռուսիոյ մէջ աշխատող հայ գաղթականներուն դրամական փոխանցումներուն քանակը:

<<Ֆրանս Փրէս>>ի համաձայն՝ ռետինէ մահակներով եւ ջրցան մեքենաներով ցոյցը ցրելու իբրեւ հետեւանք, բերման ենթարկուած են տասնեակ անձեր, իսկ քաղաքացիի հագուստով ոստիկանները ծեծած են լրագրողներ՝ ջարդելով եւ բռնագրաւելով անոնց սարքերը:

 


comments