By Asbarez | Friday, 26 June 2015

ԵՐԵՒԱՆ - Ազատութեան Հրապարակին վրայ նստացոյցով սկսած ու Բաղրամեանի վրայ ժողովրդային ցոյցով շարունակուող <<Ոչ թալանին>> նախաձեռնած բողոքի շարժումը օրէ օր թափ կը ստանայ:
Չորեքշաբթի երեկոյեան, Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարարներու թիւը ակնյայտօրէն աճած էր: Ոստիկանութեան պատասխանատուներէն Վալերի Օսիպեան ցոյցը ղեկավարողներուն փոխանցեց, որ հակառակ անոր, որ իր տեսանկիւնէն ժողովուրդի հաւաքը այդ վայրին մէջ անօրինական է, ոստիկանները պիտի չփորձեն միջամտել:
<<Ոչ թալանին>> նախաձեռնողները յայտարարեցին, որ ցոյցին միացած են Չարենցաւանէն ինքնաշարժներու երթով Երեւան հասած մարդիկ:
Ցոյցին միացած են նաեւ փոխադրակառքերով Երեւան հասած հրազդանցիներ: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ զօրակցական ցոյցեր եւ նստացոյցեր տեղի կ՛ունենան նաեւ Գիւմրիի, Սպիտակի, Վանաձորի, Աշտարակի եւ Սիսիանի մէջ:
Նշենք, որ ցուցարարները նախորդ գիշեր մերժած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպելու առաջարկը: Նախագահ Սարգսեան այժմ աշխատանքային այցով կը գտնուի Պրիւքսէլ:
Նստացոյցի նախաձեռնողներուն կարծիքով, իշխանութիւնները մէկ ճանապարհ ունին՝ չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան սակերու թանկացման որոշումը:
Նախորդ գիշեր ցոյցին միացած եւ ոստիկանութեան ու ցուցարարներու միջեւ մարդկային պատնէշի դեր ստանձնած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ:
<<Ո՛չ թալանին>> նախաձեռնութեան անդամ Վաղինակ Շուշանեան <<Ազատութեան>> թղթակիցին յայտնած է, որ ցոյցը <<Մայտան>>ի պիտի չվերածեն:
Ցուցարարները ցրուած են դեղին թուղթի վրայ գրուած թռուցիկներ, ուր կոչ ուղղած են Հայաստանի բոլոր բնակիչներուն ամէն օր ժամը 21.00էն մինչեւ 22.00 անջատել իրենց բնակարաններուն բոլոր լոյսերը, եկտրականութեամբ աշխատող բոլոր համակարգերը:
Թռուցիկը, որ վերնագրուած է <<միացիր պայքարին տնից>>, կը յորդորէ ժողովուրդին տնային կենցաղային իրերով պատշգամներէն մեծ աղմուկ ստեղծել՝ <<շերեփով, զուռնա-դհոլով, սուլիչով, կաթսաներով>>:
<<Դա նշան կը լինի, որ բոլորը միանում են այս պայքարին>>, գրուած է թռուցիկին վրայ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ