«Մեր առաքելութիւնը վատ հետեւանքներ թոյլ չտալն էր». Աղուան Վարդանեան

By Asbarez | Friday, 26 June 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան <<Երկիր>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է երրորդ օրն ըլլալով Բաղրամեան փողոցին մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցին։ Ան մտահոգութիւն յայտնած է գործադրուած բռնութեան համար եւ դիտել տուած է, որ պէտք է իրենց իրաւունքներուն տէր կանգիլ միտող ցուցարարներուն հետ վարուիլ այնպէս, որ հետեւանքները ծանր չըլլան Հայաստանի համար։

<<Առաջին օրուայ իրադարձութիւնները նկատի ունենալով՝ երէկ մի խումբ պատգամաւորների, մտաւորականութեան ու շօու բիզնեսի ներկայացուցիչների նախաձեռնութեամբ որոշուեց լինել Բաղրամեան պողոտայում եւ, իբրեւ կենդանի պատ, կանգնել ցուցարարների եւ ոստիկանների միջեւ՝ փորձելով կանխել հնարաւոր առճակատումը:

Գիշերը ժամը 1ից մինչեւ առաւօտեան 10ը այնտեղ ենք եղել: Փառք Աստծոյ, երկու կողմից որեւէ սադրանք կամ այլ տիպի գործողութիւններ չեն եղել՝ հանդէս բերելով զսպուածութիւն: Առաւօտեան, երբ ամէն ինչ շատ աւելի հանդարտ էր, եւ ցուցարարների թիւը զգալիօրէն նուազել էր, ակնյայտ էր, որ արդէն սպառնալիք չկար, դրանից յետոյ մենք գնացինք Բաղրամեան պողոտայից:
Չեմ կարծում, որ արդէն ամփոփելու ժամանակն է, բայց ակնյայտ է, որ կայ երիտասարդ, գիտակից, իրենց իրաւունքների, իրենց երկրի տէր զգացող քաղաքացիների մի բազմութիւն, որը փորձում է իր իրաւունքները իրացնել:

Կարծում եմ, որ երկու կողմերն էլ՝ ե՛ւ ցուցարարները, ե՛ւ իշխանութիւնը, կը կարողանան գտնել միջանկեալ լուծում, որով կը կարողանան ելք գտնել իրավիճակից: Ակնյայտ է, որ առճակատումը, բախումը կամ բռնութիւնները ձեռնտու չեն առաջին հերթին մեր երկրին ու պետականութեանը>>, ըսած է ան։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ, իր կարծիքով, ի՞նչ է միջանկեալ լուծումը՝ Աղուան Վարդանեան ըսած է. <<Ես հիմա չէի փորձի երկու կողմերի դերակատարութեան մէջ մտնել, որովհետեւ մեր երէկուայ առաքելութիւնը ոչ թէ որեւէ կողմ ներկայացնելն էր, այլ վատ հետեւանքներ թոյլ չտալը>>:

 


comments