Նոր կազմուած նախաձեռնող խումբը նոր լիցք պիտի հաղորդէ բաղրամեանի պայքարին

By Asbarez | Thursday, 02 July 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– <<Ո՛չ թալանին>> նախաձեռնութեան Բաղրամեանէն հեռանալէն քանի մը օր ետք՝ 30 Յունիսի կէս գիշերին պողոտային վրայ կազմուեցաւ բողոքի շարժումը համակարգող նոր խումբ: Այս մասին կը գրէ լրագրող Կարլեն Ասլանեան։


Նախաձեռնութեան 15 անդամները ներկայացուցած է գործիչ Նարեկ Այվազեանը՝ նշելով, որ անոնք քաղաքացիական տարբեր շարժումներու մէջ ընդգրկուած երիտասարդներ են, հիմնականօրէն ոչ այնքան ճանչցուած։

<<10 հոգանոց խմբեր ենք ձեւաւորւում, ամէն խումբը ունենում է մէկ ներկայացուցիչ, ով առաջարկներ ներկայացնում քաղաքացիների խմբին, ովքեր մշակելու են ձեր ներկայացրած առաջարկները եւ դնեն ձեր դատին: Այսինքն դուք որոշէք՝ դա իրականացնենք միասին, թէ՝ ո>>չ, յայտարարած է Այվազեան:

Նախաձեռնութեան անդամները կ՛առաջարկեն ձեւաւորել արագ արձագանգման, հասարակական կարգի պահպանման, տեղեկատուական, տնտեսական եւ իրաւաբանական խումբեր: Անոնք կառչած կը մնան երեք պահանջներու՝ չեղեալ յայտարարել ելեկտրականութեան սակի բարձրացման որոշումը, վերանայիլ նախորդ տարուան գինը՝ նուազեցման նպատակով եւ պատժել ոստիկանական բռնութիւններու հեղինակներն ու գործադրողները։

Նոր ձեւաւորուած նախաձեռնութիւնը տակաւին չէ յստակացուցած, որ ճնշումը պիտի աւելցնէ՞ կամ աւելի հեռու երթալով համակարգային փոփոխութիւններու պահանջի պիտի դիմէ։

15 հոգինոց խումբին մաս կազմող Դաւիթ Սանասարեան ըսած է, որ նախ պիտի փորձեն եղածը կանոնակարգել. <<Խնդիրը ուղղակի այս ոչ կազմակերպ վիճակը կազմակերպ վիճակի բերելն է, յստակ դրուած է, որ էստեղ լիդերներ չկան, կան մարդիկ, ովքեր չարքաշ աշխատանք են տանելու: Եթէ միւս քաղաքացիները կարող են, երբ ուզեն գնան-գան, մենք աւելի շատ պէտք է այստեղ լինենք, որովհետեւ պատասխանատու ենք>>:

Նախաձեռնութիւնը անուն չունի, անդամները դիտել տուած են, որ պիտի փորձեն նոր լիցք հաղորդել շարժման՝ վերահաստատելով, որ <<հարթակից անհատական որոշումներ չեն թելադրուելու>>:

<<Ամէն մէկը կարող է իր կարծիքը ասել, բայց եթէ դա կրիտիկական պահ չէ, եթէ շտապ արձագանգման խնդիր չէ, պէտք է ժողովրդից ստանան մանդատ, քուէարկութիւն կը լինի, հաւանութիւն կը տան, էս քայլն ենք անում, էս յայտարարութիւնն ենք անում: Եթէ ուզում ենք յաջողութեան հասնել, պէտք է ճիշդ համակարգում, ոչ թէ վերեւից մարդկանց թելադրանք, այլ՝ միասին աշխատանք>>, ըսած է Դաւիթ Սանասարեան:

Համակարգող խումբին մէջ ներառուած Հմայեակ Մկրտչեան դիտել տուած է, որ պայքարի մեծ փորձառութիւն չունի, այլ սկսած է ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ բողոքով. <<Որոշեցի ուղղակի կատարել իմ քաղաքացիական պարտքը եւ դէմ գնալ անօրինական որոշումներին, որովհետեւ այստեղից անգամ կէս ետքայլը զիջում կը լինի, պարտութիւն կը լինի մեզ համար>>, յայտնած է ան։


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement