By Asbarez | Thursday, 02 July 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան <<Կազմակերպուած քաոս>> եզրով բնութագրած է երեւանեան վերջին օրերու իրադարձութիւնները եւ աւելցուցած, որ նախօրէին այդ կազմակերուածութիւնը նուազած է:
Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքող <<Ո՛չ թալանին>> նախաձեռութեան 8րդ օրը Բաղրամեան պողոտային վրայ, ինչպէս կը նշուի, կը տիրէ յարաբերական անդորր:
29 Յունիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ի՛նչ զարգացումներ կրնան ունենալ հարցումին ի պատասխան՝ Աղուան Վարդանեան, որ օրեր շարունակ ցուցարարներուն կողքին էր այլ պատգամաւորներու հետ, դիտել տուած է, թէ ի՛նչ է այդ անջրպետը: <<Զուտ էլեկտրաէներգիայի սակագնի թանկացումից զատ, այս օրերի իրադարձութիւնները նաեւ մէկ այլ էական հարցի մասին են վկայում: Մեծ անվստահութիւն կայ ոչ միայն իշխանութեան, այլ նաեւ քաղաքական համակարգի հանդէպ՝ ընդհանրապէս: Պէտք են արմատական քայլեր, որոնք այդ անջրպետը կը վերացնեն:
Ընդհանրապէս, պէտք է որակական փոփոխութիւններ, իշխանութիւնը որոշ քայլեր արել է, եւ համոզուած եմ, որ ելքեր կան եւ կարող են լինել՝ ի շահ մեր պետականութեան>>, յայտնած է ան։
Նախօրէին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները գնահատելով՝ Աղուան Վարդանեան նկատել տուած է, որ մէկ բան յստակ է՝ բողոքի ցոյցերու ղեկավարութիւն եւ կազմակերպուածութիւն չկայ, ինչ որ նոր երեւոյթ է: <<Գուցէ սա լաւ է, եւ աւելի շատ սա յիշեցնում է կազմակերպուած քաոս: Ցաւօք, երէկ այս կազմակերուածութիւնը նուազեց: Նման իրավիճակներում ասպարէզ են նետւում, փորձում են իրենց շահերի համար օգտագործել այս ամէնն այն ուժերը, որոնք չունեն որեւէ յենարան, այլ զուտ փոքր խմբեր են: Քաղաքական ուժերը, կարծում եմ, մինչ այս պահը խոհեմ են գտնուել: Որեւէ քաղաքական ուժ չի կարող այս պահին շարժումը դէպի իրեն քաշել, դա սխալ կը լինի: Եւ շատ կարեւոր է, որ շարժումը մնայ իր նախնական, մաքուր շնչառութեան մէջ>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ