By Asbarez | Friday, 10 July 2015
ԳԻՒՄՐԻ, <<Արմէնփրէս>> - Շիրակի մարզի Բասէն շրջանին մէջ մեծապէս կը գործածուի արեւային զօրութիւնը: Արդէն երկրորդ տարին է, որ շրջանին մէջ որպէս այլընտրանքային ուժ կ՛օգտագործուի արեգակնային ջերմութիւնը: Անիկա ներկայիս ալ կը գործածուի ո՛չ միայն քանի մը տնտեսութիւններու, այլ նաեւ համայնքի մանկապարտէզին կից ջերմոցային տնտեսութեան մէջ: Այս մասին <<Արմէնփրէս>>ի թղթակից Արմէնուհի Մխոյեանին յայտնած է համայնքի ղեկավար Համլէտ Պետրոսեան:
<<Բաւական լուրջ արդիւնքների ենք հասել: Նախ, կիրառելով մանկապարտէզին կից ջերմոցային տնտեսութիւնում՝ այն լայն կիրառութիւն ստացաւ նաեւ բնակչութեան շրջանում. արդէն 15 ընտանիքներ իրենց տանիքների վրայ տեղադել են արեւային ջրատաքացուցիչներ: Մենք արդէն ունենք այլընտրանքային էներգիայի նոր աղբիւր՝ ջերմային պոմպկոչուող, որը չորս անգամ աւել էներգիա է տալիս: Համայնքում ունենք նաեւ օդատաքացուցիչներ կրկին մանկապարտէզի համար, որոնց շնորհիւ մանկապատեզի համար չրեր ենք պատրաստում. ե՛ւ մատչելի է, ե՛ւ օգտակար: Ընդհանուր առմամբ, այս համակարգը շատ է կիրառելի ու շատ գովելի>>, նշած է համայնքի ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ նոյնիսկ մօտաւոր հաշիւներով այս համակարգին շնորհիւ ելեկտրականութեան հետ բաղդատելով աւելի քան 40 տոկոս տնտեսում արձանագրուած է, բացի ատկէ, անիկա նաեւ աւելի ապահով է:
Բասէն համայնքի ղեկավարը անձամբ իր տան համար տեղադրած է արեւային ջրատաքացուցիչ: Խօսելով ընտանեկան պիւտճէին մէջ այս ջերմացուցիչին օգուտին մասին՝ Համլէտ Պետրոսեան տեղեկացուցած է, որ անիկա մատչելի է: <<Մինչեւ արեգակնային ջրատաքացուցչի տեղադրումը մուծում էինք ամսական 15 հազար դրամից մինչեւ 20 հազար դրամ գումար, ներկայ պահին էներգիայի վարձավճարը չի անցնում 8 հազար դրամը: Այս համակարգի միակ բացասական կողմն այն է, որ սկզբնական պահանջում է բաւական մեծ գումար համակարգը տեղադրելու համար, բայց շահագործման աւելի ապահով, աւելի արդիւնաւէտ տարբերակ է, յատկապէս Բասէնի նման գիւղական համայնքի համար, որը գազաֆիկացուած չէ, եւ յոյսը միայն էլեկտրականութեան վրայ է>>, յայտնած է Համլէտ Պետրոսեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ