By Asbarez | Friday, 17 July 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հինգշաբթի, 16 Յուլիսին, կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան անդրադարձաւ դէպի Հայաստան չուերթներու ժամերը վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան: Անոր կարծիքով դէպի Հայաստան շատ միջազգային չուերթներ գիշերը կ՛իրականանան, ինչ որ անյարմարութիւններ կը ստեղծէ ժամանողներուն, այդ շարքին՝ զբօսաշրջիկներուն համար:
<<Բնականաբար շատ անյարմարաւէտութիւններ են առաջանում: Օրինակ՝ զբօսաշրջիկը չգիտի, թէ ինչ անի, ինչպէս անցկացնի ժամանակը, որպէսզի հիւրանոցում աւելորդ օր չամրագրի: Շատ ուրիշ հարցեր էլ կան: Այդ պատճառով առաջարկում եմ Տնտեսական մրցակցութեան պետական յանձնաժողովին, Էքոնոմիքայի նախարարութեանը եւ Քաղաւիացիայի գլխաւոր վարչութեանը մանրամասն ուսումնասիրել ուղեւորատար աւիափոխադրումների շուկան՝ գներով, ուղղութիւններով եւ պայմաններով>>. նշած է վարչապետը եւ յիշեցուցած, որ պէտք է բանակցութիւններ վարել ճամբորդական ընկերութիւններուն հետ ժամանումները առաւօտեան ժամեր տեղափոխելու համար:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ