Հայկական բանակը շատ լաւ գիտէ Ատրպէյճանական բանակի ուժեղ եւ տկար կողմերը

By Asbarez | Friday, 24 July 2015

0724ardzroun

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Հայկական զինուած ուժերը շատ լաւ ուսումնասիրած են թէ՛ ատրպէյճանական բանակին ամբողջ համակարգը, եւ թէ առանձին զօրամիաւորումներուն վիճակը, հետեւաբար, շատ լաւ գիտեն այդ բանակին ուժեղ եւ տկար կողմերը:

<<Թեր>>չին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանական պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ Հայաստան անհանգստացած է Նախիջեւանի, մասնաւորապէս, Ալիեւի հրամանով՝ Նախիջեւանի մէջ <<առանձին բանակի ստեղծմամբ>>:

Ան ըսած է. <<Անհանգստանալ>> բառը մի փոքր չափազանցուած է եւ ոչ մասնագիտական: Ադրբեջանական բանակի ցանկացած ստորաբաժանում էլ մեզ համար որոշակի անհանգստութիւն է ներկայացնում, ուսումնասիրել ենք ինչպէս ադրբեջանական բանակի ողջ համակարգը, այնպէս էլ առանձին զօրամիաւորումները, հետեւաբար, լաւ գիտենք նրանց պոտենցիալը, ինչն էլ ապացուցուել է ոչ թէ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով, այլ մարտական գործողութիւնների անցեալով ու ներկայով>>, յայտնած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Նշենք, որ Trend.az-ը՝ անդրադառնալով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի սահմանագիծ, նաեւ Նախիջեւանի մօտակայքը գտնուող զօրամասեր տուած այցելութիւններուն, մէջբերած էր ատրպէյճանական պաշտպանութեան նախարարութեան մեկնաբանութիւնը՝ <<թէ այս բոլորը վկայութիւն են այն մասին, որ թշնամին անհանգիստ է>>:
Նախիջեւանի բանակը, ըստ ռազմական փորձագէտներու, արդէն երկրորդ տարին ըլլալով կը գործէ, եւ հայկական զինուած ուժերն ալ, թէեւ պաշտօնապէս չի յայտարարուիր, կառուցուածքային առումով եւս բաղկացած է բանակէ եւ 5 զօրախումբէ։ Այդ յոխորտանքներուն վերաբերեալ Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է. <<20 տարի է՝ նոյն խօսքերն ենք լսում>>:

 


comments