Սերժ Սարգսեան սահմանամերձ մարզին մէջ մասնակցած է շարք մը կառոյցներու բացման

By Asbarez | Saturday, 25 July 2015

0725davoush

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ սահմանամերձ Վերին Կարմիր աղբիւր շրջանին մէջ բացումը կատարուած է 80 երեխայի համար նախագծուած մանկամսուր–մանկապարտէզին: Շրջանի երեխաները մինչեւ օրս կը յաճախէին 1923ին կառուցուած փայտաշէն մանկապարտէզ: 1991ին սկսած է նոր մանկապարտէզի շէնքի շինարարութիւնը, որ մնացած էր անաւարտ: Անաւարտ այդ շինութեան հիման վրայ կատարուած են նոր մանկապարտէզի շէնքի վերակառուցման աշխատանքները: Ծրագիրի շինարարութեան ընդհանուր արժէքը կազմած է 119.8 միլիոն դրամ: Մանկապարտէզին յատկացուած է նաեւ 5.2 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյք՝ երկյարկանի մահճակալներ, սեղաններ, աթոռներ, պահարաններ եւ այլն: Մինչեւ նոր մանկապարտէզի շէնքի վերակառուցումը մանկապարտէզ կը յաճախէր 35 երեխայ: Շէնքի վերակառուցման իբրեւ արդիւնք, այս հաստատութիւնը կրնան յաճախել 71 մանուկներ։ Մանկապարտէզը ներկայիս ունի 9 աշխատակից՝ 65,000 դրամ միջին ամսական աշխատավարձով:


Տաւուշի մարզի Չորաթան շրջանին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է <<Տաւուշ տեքստիլ>> ընկերութեան գործարանային արտադրամաս, ծանօթացած գործարկման աշխատանքներուն, ուսումնական-մեկնարկային գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ ընկերութեան զարգացման հետագայ ծրագիրներուն:


<<Տաւուշ տեքստիլ>>ը հիմնադրուած է այս տարուան Փետրուարին՝ ռուսաբնակ գործարար Սուրէն Երիցեանի կողմէ: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ արտադրել տարբեր տեսակի՝ գիւղատնտեսական, շինարարական, ցրտահարութեան դէմ եւ չքայքայուող ձեռնոցներ: Ընկերութեան պատասխանատուներուն համաձայն՝ արտադրութիւնը պիտի արտածուի Ռուսիա եւ Պելոռուս։ Ներկայիս օրական դրութեամբ կ՛արտադրուի 16,000 զոյգ ձեռնոց: Չորաթանի մէջ արդէն ստեղծուած է 50 աշխատատեղ՝ 100,000 դրամ միջին ամսական աշխատավարձով:

<<Տաւուշ տեքստիլ>>ը կը նախատեսէ յառաջիկայ 5 տարիներուն ստեղծել շուրջ 2000 աշխատատեղ եւ կատարել շուրջ 40 միլիոն տոլարի ներդրում, որուն շուրջ 5 միլիոն տոլարը՝ 2015-2016 թուականներուն: Այս նպատակով արդէն իսկ ներդրուած է շուրջ 2.5 միլիոն տոլարի համարժէք դրամ: Կը նախատեսուի, որ ընկերութեան մասնաճիւղեր բացուին նաեւ մարզի Արծուաբերդ, Այգեձոր, Կողբ, Պառաւաքար եւ Բերդ շրջաններուն մէջ։

 


comments