«Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը 100,000 տոլարով իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի Ազգային Միացեալ Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն

By Asbarez | Tuesday, 28 July 2015

 

Շաբաթ, 25 Յուլիսի առաւօտեան, Լիբանանի նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան այցելեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, բարերար Գագիկ Ծառուկեան՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային իշխանութեան եւ վարչութիւններու անդամներուն, քահանայ հայրերու, լիբանանահայ կառոյցներու պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներու: Ծառուկեան մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի շինարարական աշխատանքներուն եւ յայտնեց, որ <<Գագիկ Ծառուկեան>> բարեգործական հիմնադրամը 100,000 ամերիկեան տոլարով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այդ աշխատանքներուն:

Գագիկ Ծառուկեան նաեւ այցելեց ԼՕԽի <<Արաքսի Պուլղուրճեան>> ընկերաբժշկական կեդրոն, որ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան կողմէ մօտէն ծանօթացաւ ԼՕԽի բազմաբնոյթ գործունէութեան եւ յատկապէս կեդրոնի աշխատանքներուն: Ծառուկեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ԼՕԽի ծաւալած գործունէութեան մասին:

Իսկ կէսօրէն առաջ ժամը 11ին, Ազգային առաջնորդարանի <<Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն>> սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ան նշեց, որ հայրենի հիւրերու ներկայութիւնը Ազգային առաջնորդարանին մէջ լաւագոյն առիթն է Սփիւռք-Հայաստան փոխադարձ գործակցութեան ու աջակցութեան եւ փորձառութիւններու փոխանակման: Րաֆֆի Տէմիրճեան հաստատեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իւրաքանչիւր հայու տունն է, հարազատ կեդրոնն է: Ապա Րաֆֆի Տէմիրճեան ներկայացուց Գագիկ Ծառուկեանի մարզական, ազգային եւ բարեսիրական գործունէութիւնը:

Այս առիթով, բարերար Գագիկ Ծառուկեան ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ մեծ գործ կը կատարէ, ինչ որ հայրենասիրութեան եւ բարեգործութեան արտայայտութիւն է: Ծառուկեան հաստատեց, որ գաղութին մէջ նաեւ հայապահպանման նպաստող մեծ գործ կը կատարուի, ինչ որ ողջունելի է եւ օրինակելի ամբողջ հայութեան համար:

Ան յայտարարեց, որ <<Գագիկ Ծառուկեան>> բարեգործական հիմնադրամը այսուհետեւ ամէն տարի պիտի ստանձնէ լիբանանահայ քսան ուսանողի Հայաստանի մէջ ուսանելու ծախսերը: Գագիկ Ծառուկեան աւելցուց, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնակամ մօտեցումներով կարելի է մեր աշխատանքներուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրել: Ծառուկեան հաստատեց, որ հիմնադրամը պատրաստակամ է համահայկական որեւէ ծրագիրի բերելու իր մասնակցութիւնը:

Աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ հայրենի հիւրերու ներկայութեամբ լիբանանահայութիւնը ջերմութիւն կը ստանայ եւ կը սնանի Հայաստանով:
Այնուհետեւ Գագիկ Ծառուկեան շրջագայեցաւ Արաքս փողոցը եւ այցելեց <<Սարդարապատ>> ժողովրդային տուն, ուր ընդունուեցաւ շրջանի կրօնական, միութենական եւ պատասխանատու մարմիններուն կողմէ:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement