By Asbarez | Tuesday, 04 August 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Օգոստոս 3ին, Հայաստանի զինուած ուժերը համալրուած են քանի մը տասնեակ նոր սպաներով, որոնք աւարտած են ռազմական կրթական ուսումնառութիւնը:
Աւարտական պաշտօնական արարողութիւնն ու սպայական ուսադիրներու յանձնումը կայացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ: Հայաստանեան եւ արտերկրի ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտներու երդման արարողութենէն ետք, աւանդոյթի համաձայն, անոնց յանձնուած են ուսադիրներ ու սպայական դաշոյններ:
Արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:
<<Մի երկրում, որի սահմաններին պարբերաբար կրակում են, դուք ընտրել էք ռազմիկի եւ սպայի մասնագիտութիւնը, դուք ձեր կեանքը կապել էք հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, ահա ինչու մենք հաւատում ու վտահում ենք ձեզ>>, ըսած է նախագահը:
Բացի Վազգէն Սարգիսեանի անուան ռազմական ինստիտուտի, մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան ռազմական օդագնացութեան ինստիտուտի ու Բժշկական համալսարանի ռազմաբժշկական ֆակուլտետի պատրաստած քատրերէն, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան շնորհաւորած է նաեւ բարձրագոյն հրամանատարաշտաբային դասընթացքները աւարտած եւ ակադեմական կրթութիւն ստացած սպաները:
Նախարար Օհանեան նշած է, որ անոնք հայոց բանակի սպայակազմի լաւագոյն մասը պիտի կազմեն:
Հայոց բանակի նոր սպաները այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ