«Նախարարները չափէն շատ բան կը պատմեն մամուլին». Վարչապետը դժգոհ է

By Asbarez | Friday, 07 August 2015

0807Hovig

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Օգոստոս 6ին Հայաստանի վարչապետ Յովին Աբրահամեան կառավարութեան նիստին նկատել տուած է, որ կառավարութեան անդամները կը խախտեն այն համաձայնութիւնը, ըստ ո-րուն, մամուլը տեղեակ պիտի չպահեն արտասահմանի դեսպաններուն հետ իրենց հանդիպումներուն մասին։

Ան յիշեցուցած է, որ պէտք չէ առանց արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համադրելու այդ հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւն փոխանցել: Վարչապետը զգուշացուցած է ըսելով. <<Ճիշդ այդպէս էլ չի կարելի, օրինակ, հանդիպել զօրամասերի պետերի հետ, առանց Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համաձայնեցնելու։ Ստիպուած եմ յայտնել այն նախարարների անունները, ովքեր խախտել են պայմանաւորուածութիւնը. Արմէն Մուրատեան՝ առողջապահութեան նախարար, եւ Երիտասարդութեան ու սպորտի նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան։ Եւս մէկ անգամ կոչ եմ անում հաւատարիմ մնալ պայմանաւորուածութեանը>>:

 

comments