Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոնը պիտի սկսի գործելու Սեպտեմբերին

By Asbarez | Friday, 14 August 2015

0814tumostepanakerd

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ <<Ղարաբաղ Տելեկոմ>> ընկերութեան բաժնետիրոջ ներկայացուցիչ Ռալֆ Եիրիկեանի հետ 13 Օգոստոսին այցելած է Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն՝ ծանօթանալու հոն տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն:
Շրջելով կեդրոնի սենեակներուն մէջ՝ վարչապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է կատարուած աշխատանքին վերաբերեալ եւ համապատասխան պաշտօնատարներու տուած է նոր յանձնարարականներ, որպէսզի ուսումնական կեդրոնը կարելի ըլլայ օգտագործել Սեպտեմբերին:
Շէնքին աւարտին մօտեցող վերակառուցման համար <<Ղարաբաղ տելեկոմ>>ը յատկացուցած է շուրջ 150 միլիոն դրամ, իսկ սարքաւորումները ձեռք բերուած են Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ներդրումով: Ըստ պատասխանատուներու զեկուցումներուն՝ Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն կրնան յաճախել Արցախի 500է աւելի 7-17 տարեկան երեխաները՝ տարբեր շրջանները:


comments

Advertisement