By Asbarez | Saturday, 15 August 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<East Prospect Fund>>ը եւ <<Էյր Արմէնիա>> ընկերութիւնը յայտնած են, որ 12 Օգոստոսին պիտի կատարեն 68,600,000 տոլար ընդհանուր արժէքով արժեթուղթերու մուտք՝ <<Էյր Արմէնիա>>ի հաշուեկշիռ: Կատարուած ներդրումը պիտի հանդիսանայ <<Էյր Արմէնիա>>ի սեփականութիւնը եւ կրնայ տնօրինուիլ ընկերութեան կողմէ՝ ըստ անհրաժեշտութեան եւ նպատակի:
Կատարուած գործարքին իբրեւ արդիւնք <<Էյր Արմէնիա>> ընկերութիւնը ձեռք բերած է երաշխիքներ՝ միաժամանակ համալրելով կազմակերպութեան հաշուեկշիռը եւ մեծցնելով անոր դրամագլուխի արժէքը: Գործարքի գլխաւոր ձեռքբերումը այն է, որ այսուհետեւ հայկական օդանաւային միակ ընկերութիւնը՝ <<Էյր Արմէնիա>>ն սնանկացման եւ ֆինանսական այլ վտանգներու դէմ ապահովագրուած պիտի ըլլայ։
Նշենք, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին իրականացուած գործարքին համաձայն՝ <<East Prospect Fund>> հիմնադրամը պիտի հանդիսանայ օդագնացութեան հայկական միակ՝ <<Էյր Արմէնիա>> ընկերութեան 49 տոկոս մասնաբաժինի սեփականատէրը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ