By Asbarez | Saturday, 15 August 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Վերջին տարիներուն Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման եւ խթանման առումով առնուած են քայլեր, որոնք, ըստ վիճակագրութեան, պատճառ դարձած են, որ շուրջ 13 տոկոսի աճ արձանագրուի Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու հոսքին մէջ եւ 31 տոկոսէն աւելի՝ ներքին զբօսաշրջութեան առումով։ Արդարեւ, 150,000 եւ աւելի թիւով զբօսաշրջիկներ եկած են 2013ին եւ 190,000՝ 2014ին, երբ ներքին զբօսաշրջութիւնը կազմած է մօտ 860 հազար:
Այս մասին <<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանի <<Ֆէյսբուքեան ասուլիս>>ին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան՝ որպէս զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ պետական լիազօր մարմինի, զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ պետական քաղաքականութիւն մշակողի եւ իրականացնող մարմինի ղեկավարի:
<<2013-2014թթ. 13ին հատեցինք մէկ միլիոնի սահմանագիծը (Հայաստան մտնող զբօսաշրջիկների)՝ ունենալով 12.6 տոկոս աճ, 2014ին՝ 1 միլիոն 203 հազար, նոյն տարիներին զգալի աճ արձանագրեցինք նաեւ ներքին զբօսաշրջութեան առումով>>, ըսած է ան:
Մեխակ Ապրեսեանի ներկայացուցած դրական տուեալները կը վերաբերին նաեւ ենթակառոյցներուն եւ այս ոլորտին մէջ մասնաւոր ներդրումներուն աւելնալուն:
Ան յատկապէս յիշած է, որ 2013-2015 թուականներուն Հայաստանի մէջ բացուած է շուրջ 20 նոր պանդոկ, որոնց կարգին քանի մը յայտնի միջազգային մակնիշի պանդոկներ՝ <<Ռատիսըն>> <<Հայաթ>>, <<Հիլթըն>> եւ այլն:
<<Այս կարգի հիւրանոցների մուտքը Հայաստան նոյնպէս ցուցանիշ է, նշանակում է, որ ոլորտը բաւականին գրաւիչ է ներդրողի համար, իսկ բիզնեսմենը, կապիտալ ներդրողը բազմաթիւ ցուցանիշներ է հաշուի առնում, մտածում, նոր ներդրումը կատարում է>>, դիտել տուած է Մեխակ Ապրեսեան:
Լրագրողը հարցուցած է. <<Բիօզուգարանները նպաստեցի՞ն տուրիզմի զարգացմանը կամ Հայաստանի քաղաքացին համարձակւո՞ւմ է մօտենալ հայրենի գետերին ու լճերին, որոնք ամբողջութեամբ սեփականաշնորհուած են>>. Մեխակ Ապրեսեան պատասխանած է. <<Նախ, բիօզուգարանը պլաստմասաէ ուրեմն, զուգարաններ են, որպէսզի մասսայական միջոցառումներ իրականացելիս, որտեղ որ չկան ստացիոնար հասարակական զուգարաններ, ապահովեն մասսայական միջոցառումների ընթացքում այդ կարիքները>>:
Ան դիտել տուած է, որ այսօր Սեւանի մէջ կը գործեն 3 հանրային լողափեր, որոնք շատ աւելի լաւ կահաւորուած են, քան մասնաւորները: Իսկ մասնաւոր լողափեր, ըստ Ապրեսեանի, կան աշխարհի բոլոր անկիւնները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ