By Asbarez | Thursday, 03 November 2011
ՊԱՔՈՒ, «Վեսթի».- Արբանեակային «Ճազիրա» պատկերասփիւռի կայանը հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին նուիրուած լրատուութեան մը մէջ հաղորդած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 2012ին կայանալիք հանդիպումները կրնան կազմակերպուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու նախաձեռնութեամբ։
Չբացառելով, որ 2012էն սկսեալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Միացեալ Նահանգները իր ձեռքը կ՛առնէ նախաձեռնութիւնը, «Ճազիրա» նշած է. «Նախագահներու հերթական հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի նախաձեռնութեամբ։ Այդ հանդիպումին ձախողութեան պարագային Պաքու պիտի սկսի լրջօրէն մտածել խնդիրը ուժային ճանապարհով լուծելու մասին։ Ծանօթ է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին այդ հարցը քննարկած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։ 2012ը ամբողջ տարածաշրջանին համար վճռորոշ պիտի ըլլայ»։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ