Ըստ Նալբանդեանի՝ Ատրպէյճանին՝ ՄԱԿի ԱԽ Անդամակցութիւնը Ոչինչ Կու Տայ

By Asbarez | Thursday, 03 November 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Պատասխանելով «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեանի հարցումին, թէ արդեօք ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան վարած քաղաքականութեան, մասնաւորապէս պետական պիւտճէով ծախսերու կրճատումը չէ՞ պատճառը Ատրպէյճանի՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի (ԱԽ) անդամակցութեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, թէ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս ոչ-մնայուն կարգավիճակով Ատրպէյճանի ներկայութեան այդքա՛ն շատ ուշադրութիւն հրաւիրելու ու զայն կարեւոր համարելու կարիք չկայ:

«Շատ են զգացմունքային յայտարարութիւնները, որոնք հիմնուած են Ադրբեջանի քարոզչութեան վրայ, թէ՝ տեսէ՛ք, Ատրպէյճանն ինչի՛ հասաւ եւ կարող է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը տեղափոխել Անվտանգութեան խորհուրդ եւ այլն: Սակայն չեմ կարծում, թէ իրականում այդ անդամակցութեանը պէտք է այդքա՛ն արձագանգ տայինք», յայտարարեց նախարարը եւ յիշեցուց, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները բազմիցս յայտարարած են, որ ԼՂ հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ ՄԽի ծիրէն ներս եւ պէտք չէ տեղափոխուի այլ հարթակներ:

«Ատրպէյճանը, դառնալով ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի ոչ-մշտական անդամ՝ գուցէ աւելի լուրջ ու աւելի կառուցողական մօտեցումներ ցուցաբերի… տեսնե՛նք: Սակայն՝ կասկածելի է: Արդեօ՞ք Ատրպէյճանը յետ կը կանգնի պատերազմ հրահրելու կոչերից, ռազմատենչ յայտարարութիւններից, ռասայական յայտարարութիւններից: Խի՛ստ կասկածելի է», ընդգծեց Նալբանդեան:

comments

Advertisement