By Asbarez | Thursday, 03 September 2015
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2ին, 24 տարի առաջ, այդ ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ եւ Շահումեանի շրջան անունով ծանօթ հայոց Արցախ աշխարհին մէջ, ատենի խորհրդային իշխանութեանց մօտ արցախահայութիւնը ներկայացնող ժողովրդական պատգամաւորները, օրէնսդիր իշխանութեան մարզային եւ շրջանային խորհուրդներու միացեալ նիստ մը գումարելով, հռչակեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
Օրին դժուար էր հաւատալ, որ Շուշիի բարձունքներուն ամրակայուած ատրպէյճանական զօրքի հրետանիի հարուածներուն եւ արձակազէններու կրակոցին տակ՝ ինքնապաշտպանութեան դիրքերու վրայ գտնուող, աւելին՝ անհաւասար ուժերով ազատութեան համար մարտնչող Արցախի հայութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլար, իրողապէս եւ ըստ ամենայնի, կենսագործելու իր անկախութիւնը ատրպէյճանական լուծէն:
Բայց ի հեճուկս ժամանակի եւ պայմաններու աննպաստ դասաւորումին, արցախահայութիւնը յաջողեցաւ հիմը դնել ապրելու եւ արմատաւորուելու, զարգանալու եւ ամրապնդուելու ընդունակ իր պետականութեան:
Նախ Արցախի, ապա՝ Մայր Հայաստանի եւ, ի վերջոյ, աշխարհասփիւռ ողջ հայ ժողովուրդի վճռականութեան, մարտունակութեան եւ միասնական պայքարին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ մերօրեայ հայութեան ազգային անկախ պետականութեան երկրորդ կռուանը:
Այսօր, երբ 24 տարիներու հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք եւ ընդհանուր հաշուեկշռի կ՛արժանացնենք Արցախի հայութեան հետ մեր ժողովուրդին կտրած ուղին, արդարօրէն հպարտութիւնը կը համակէ մեր միտքն ու սիրտը՝ ի տես գերագոյն զոհաբերութեան գինով ձեռք բերուած նուաճումներուն:
Եւ առաջին հերթին կը խոնարհինք անմեռ յիշատակին առջեւ առիւծասիրտ այն ազատամարտիկներուն, որոնք հերոսական իրենց պայքարով եւ իմացեալ մահուամբ անմահանալու ազգային մեր աւանդը վերանորոգող իրենց նահատակութեամբ՝ հայկական տարածք ազատագրելու եւ ամրօրէն պաշտպանելու նորօրեայ դիւցազնապատումը պարգեւեցին Հայաստանին եւ հայութեան:
Ծանրակշիռ որոշում էր 2 Սեպտեմբեր 1991ի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը:
Խորհրդային բանակի համազգեստով գործող իշխանաւոր <<օրինական>> ուժ էր ատրպէյճանական զօրքը, որ այնուամենայնիւ ձեռնարկած էր Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու նորօրեայ ցեղասպանութեան՝ ամէնէն անօրէն իշխանութեան մը մահացու գործիքը դառնալով:
Խաղաղ հաւաքներով եւ օրէնսդրական ու սահմանադրական իրաւունքներու վրայ խարսխուած դիմումներով՝ արդարութիւն ու Հայաստանի հետ միացում պահանջող Արցախի հայութիւնը, ատրպէյճանական եւ խորհրդային հարուածներուն տակ աստիճանաբար կռանելով իր ազգային-քաղաքական կամքն ու դիմադրական կազմակերպ ուժը, քայլ առ քայլ ընդարձակեց ազգային-ազատագրական իր պայքարը, ունեցաւ ծանրագոյն կորուստներ, բայց չընկրկեցաւ, մինչեւ որ գտաւ ու նուաճեց քաղաքական յարմար պահը, որպէսզի հռչակէ Արցախի անկախութիւնը:
Ատրպէյճան որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն եւ վերականգնել 1918-1920 թուականներու Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն, ինչ որ իրաւականօրէն եւ քաղաքականօրէն լրիւ ազատ արձակեց ձեռքերը Արցախի հայութեան, որպէսզի ձեռնարկէր ատրպէյճանական բռնակալ լուծէն ամբողջական ազատագրումի իր ոստումին:
Փաստօրէն Արցախը բնաւ մաս չէր կազմած թրքական սուիններով 1918ին ստեղծուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, միայն խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ստալինեան մութ գործարքով, հայկական հինաւուրց հողը նուէր տրուած էր ազերիներուն… եւ 1991ին արդէն ժամանակն էր, եթէ ուշ չէր, որպէսզի անարդարութիւնը վերջնականապէս սրբագրուէր եւ, նոյնինքն խորհրդային օրէնքներով ու սահմանադրութեամբ առաջնորդուելով, բայց նաեւ ու մանաւա՛նդ միջազգային օրէնքի հիմնարար Ուխտագիրներուն վրայ հիմնուելով՝ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզն ու Շահումեանի շրջանը միաւորուէին անկախ պետութիւն հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:
Այսօր 24ամեայ լիարժէք պետութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ ոչ միայն իր պաշտպանական բանակով կրցաւ ազերի բռնատիրութենէ ազատագրել հայապատկան Արցախի տարածքները, այլեւ՝ իրաւական ու ժողովրդավարական հիմունքով պետականութեան իր շէնքը քար առ քար բարձրացնել եւ նոյնինքն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան աւատապետական իշխանութեան տակ քաշքշուող ազերի հասարակութեան նախանձը գրգռել:
Ճիշդ է, Արցախի իրողապէս նուաճուած անկախութիւնը մինչեւ այսօր դեռ չէ արժանացած միջազգային ընտանիքի ճանաչումին եւ իրաւական նուիրագործումին: Բայց նոյնքան եւ աւելիով ճիշդ է, որ երբ արեան գնով նուաճուած անկախութիւնը ի վիճակի ես պահպանելու, պետականօրէն արմատաւորելու եւ քաղաքականօրէն ամրապնդելու, անպայման վստահ կրնաս ըլլալ, որ ի վերջոյ կը հասնի նաեւ իրաւական ճանաչումի ժամը:
Այդ ինքնավստահութեամբ է, որ Արցախէն ու հայրենի մեր ոստաններէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր ափերը սփռուած իրաւատէր հայութիւնը, այսօր, միասնական միեւնոյն հաստատակամութեամբ կը տօնէ Արցախի անկախութեան հռչակման 24րդ տարեդարձը:
Եւ կը վերանորոգէ ազգային իր սրբազան ուխտը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կենսունակութեան կռուանները ուժեղացնելով, բոլոր ուժերով շարունակելու արդէն քաղաքական-դիւանագիտական հուն մտած պայքարը՝ յանուն Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային իրաւական ճանաչումին:
Նաեւ, այդ ճամբով, յանուն մայր Հայաստանի հետ անխուսափելի վերամիաւորումին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ