Կաթողիկոսը ընդունած է թշնամիին գնդակէն վիրաւորուած հոգեւորականը

By Asbarez | Saturday, 05 September 2015

0905clergy

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  4 Սեպտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունած է 11 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիս-արեւելեան հատուածի զօրամասերէն մէկուն ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ կատարուած հետախուզական-ներթափանցման փորձին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած զինուոր, հոգեւոր սպասաւոր Յովհաննէս սարկաւագ Գալստեանը:


Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը փոխանցած է Յովհաննէս սարկաւագ Գալստեանին՝ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով անոր: Կաթողիկոսը նաեւ գոհունակութեամբ ողջունած է Յովհաննէս սարկաւագին որոշումը՝ շարունակելու իր ծառայութիւնը հայոց բանակին եւ հայրենիքին:
Ներկայիս հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդութեան կազմին մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր զօրամասերուն մէջ իրենց ծառայութիւնը կը կատարեն 52 եկեղեցականներ:

comments

Advertisement